
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 մայիսին ընդունած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը, որ Հայաստան կը գտնուի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընթացիկ նիստին մասնակցելու նպատակով:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավարը: «Անցեալ անգամ ձեր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին մենք քննարկեցինք մեր օրակարգի առաւել արդիական եւ զգայուն հարցերը: Կը կարծեմ, որ այսօր մենք կը շարունակենք այդ զրոյցը, քանի որ այն ժամանակ, իրօք, բարդ ժամանակաշրջան էր մեր շրջանին համար, որ ստեղծուած էր Ազրպէյճանի կողմէ 1994-1995-ի պայմանագիրներու կոպտագոյն խախտումներուն պատճառով:
«Բառացիօրէն քանի մը օր առաջ ես վերադարձած եմ Վիեննայէն, ուր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նախաձեռնութեամբ մենք քննարկեցինք ստեղծուած իրավիճակը եւ այդ իրավիճակէն դուրս գալու ուղիները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է զինադադարի դրութեան խախտումներու մշտադիտարկում կատարելու եւ դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմ ներդնելու վերաբերեալ: Մենք, վստահաբար, մեր կողմէ կը կատարենք ամէն ինչ, որպէսզի այդ խախտումները չըլլան, եւ յոյսով եմ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հետեւողականօրէն կ՛իրականացնեն այն որոշումները, զորս մենք միասնաբար ընդունած ենք», ըսած է նախագահը:
Ռուսիոյ վարչապետը ընդգծած է, որ նախագահին հետ իր այս հանդիպումը արդէն երկրորդն է մէկ ամսուան ընթացքին, ինչ որ շատ լաւ է, քանի որ կը բնութագրէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մակարդակը, բնոյթը այն դաշնակցային կապերուն, որոնք գոյութիւն ունին երկու երկիրներուն, երկու ժողովուրդներուն միջեւ:
«Նախորդ անգամ մենք իսկապէս վարեցինք երկկողմանի բանակցութիւններ, իսկ այսօր տեղի պիտի ունենայ մեր միութեան Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած ձեւաչափով նիստը: Պիտի քննարկենք տարբեր, եւ նախ եւ առաջ տնտեսական հարցեր, որոնք օգտակար են բոլոր երկիրներուն համար: Շնորհակալութիւն կառավարութիւններու ղեկավարներուն Երեւանի մէջ այս նախաձեռնութեան հրաւէրին համար, որովհետեւ ասիկա առաջին նման համախմբումն է ձեր մօտ: Ընդ որում, Եւրասիական յանձնաժողովի ղեկավարը նոյնպէս կը ներկայացնէ Հայաստանը, ինչ որ, այս իմաստով, խորհրդանշական է: Վստահ եմ, որ պիտի հասնինք այն պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են, կը կրկնեմ, մեր տնտեսութիւնները խթանելու համար», ըսած է Մետվետեւ:
Անդրադառնալով Հայաստան տուած նախորդ այցելութեան` Ռուսիոյ վարչապետը դիտել տուած է, որ անիկա իսկապէս տեղի ունեցաւ շատ դժուար պայմաններու մէջ: «Կ՛ուզեմ ըսել, որ մենք` Ռուսիոյ մէջ, այնուամենայնիւ, շատ լարուած կը հետեւինք իրադարձութիւններու զարգացման, մեր ուժերուն ներածին չափով կ՛օգնենք` ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու համար: Կարեւոր է, որ ձեռք բերուած զինադադարի դրութիւնը պահպանուի: Այս պարունակին մէջ մենք, վստահաբար, լիովին կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի նախագահին հետ ձեր հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Վիեննայի մէջ, ինչպէս նաեւ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ջանքերը, որոնք կը նախաձեռնուին երկխօսութիւնը պահպանելու, կապերը շարունակելու եւ ապագային նման բնոյթի դէպքեր չարտօնելու համար` նկատի ունենալով պահպանումը այն համաձայնութիւններուն, որոնք պատմականօրէն ձեռք բերուած են 1994-95-ին եւ, վստահաբար, շրջանին մէջ աւելի ամուր խաղաղութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական լուծման առնչութեամբ յառաջ ընթանալու: Կրնաք չկասկածիլ, որ Ռուսիան միշտ օգնած է եւ պիտի օգնէ այս դժուար տագնապի լուծման: Իսկ մենք ձեզի հետ այժմ պիտի քննարկենք ասոր կապուած բոլոր հարցերը», յայտնած է Ռուսիոյ վարչապետը:


