Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Ընթացքին Պըրրի Առաջադրեց Նախաձեռնութիւն Մը

May 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hiwar__51816

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց ազգային երկխօսութեան 18-րդ նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նիստէն բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը ներկայացուց երեսփոխան Ղազի Արիտի: Նիստէն բացակայեցաւ նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի:

Նիստին ընթացքին Պըրրի առաջադրեց նախաձեռնութիւն մը, որ կը բաղկանար հիմնական երեք առաջարկէ.

ա) Վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը, որուն իբրեւ արդիւնք խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը աւարտելու ժամկէտը կը յառաջաձգուի, պայմանով որ քաղաքական բոլոր ուժերը կանխաւ յանձնառութիւն վերցնեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու` խորհրդարանի դիւանին ընտրութենէն օր մը ետք:

բ) Երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել հիմնուելով ներկայ ընտրական օրէնքին` 1960-ի օրէնքին հիման վրայ, դարձեալ յառաջաձգելով խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը աւարտելու ժամկէտը, եւ նախագահական ընտրութեան մասին պատկերացում մը ունենալու պայմանով:

գ) Ուղղուիլ դէպի նոր Տոհա մը, ուր սեղանի վրայ կը դրուին անլոյծ բոլոր թղթածրարները` սկսեալ նախագահական ընտրութենէն, հասնելով ընտրական օրէնքին, կառավարութեան եւ երկխօսութեան:

Պըրրի քաղաքական բոլոր ուժերէն պահանջեց իւրաքանչիւր ընտրանքի մասին իրենց պատասխանները տալ: Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ այդ նախաձեռնութեան մանրամասնութիւններուն մասին խորհրդակցութիւնները շարունակել մինչեւ Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 21 յունիս 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ:

Նախորդը

Շեհայէպ. «Նաամէի Աղբանոցը Վերջնականապէս Պիտի Փակուի»

Յաջորդը

Թուրք Նախարարը Ազրպէյճանի Մէջ Կը Խօսի Հայաստանի «Յարձակողապաշտ Քաղաքականութեան» Մասին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.