Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 մայիսին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն յայտնած են, որ հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, քննարկուած են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, շրջանային զարգացումներուն եւ ներհայկական գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: