«Ամբողջ Հայ Ժողովուրդը Ցոյց Տուաւ Օրինակելի Պատրաստակամութիւն» Կ՛ըսէ Նախագահ Սահակեան
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի Ազգային ժողովի յանձնախումբերու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած է 1-5 ապրիլին սանձազերծուած լայնածիր պատերազմական գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին նախագահը յատկապէս անդրադարձած է այս դժուար ու զգայուն հանգրուանին համայն հայութեան ցուցաբերած կեցուածքին: «Այս օրհասական օրերուն ամբողջ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ օրինակելի միասնութիւն եւ պատրաստակամութիւն...




















