Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը Երաժշտութեան Ընդմէջէն Փակման Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

June 14, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

pagman-Hantes_61316

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ներկայութեամբ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու, ծնողներու եւ դպրեվանասէրներու կիրակի, 12 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքին 86-րդ ամավերջի հանդէսը:

Հանդիսութեան ընթացքին, երաժշտասէր բազմութեան դիմաց դպրեվանեցիներ ելոյթներով հանդէս եկան: Անոնք խմբային եւ անհատաբար նուագեցին դաշնակ, տուտուկ եւ կիթառ: Այս առիթով, դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը եւս խմբերգներով հանդէս եկաւ:

Տեսչական տարեկան տեղեկագիրի ընթերցումէն ետք, վեհափառ հայրապետին ձեռամբ բաժնուեցան աւարտական դասարանի հինգ ուսանողներու վկայականները, որմէ ետք նորին սրբութիւնը իր հայրական պատգամը տուաւ ներկաներուն:

«Դպրեվանքը երաժշտութեան ընդմէջէն» խորագրեալ հանդէսին ճամբով, դպրեվանքը կրթութեան ու աղօթքի տուն ըլլալուն կողքին ներկայացաւ մշակութային տան երեսով:

Յայտնենք, որ անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին, դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ելոյթներով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայկական թէ օտար եկեղեցիներու եւ սրահներու մէջ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց դպրեվանքի փոխտեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան: Ապա, տեղի ունեցան երաժշտական կատարումներ: Օշին աբղյ. Չուալերթանեան աւարտական դասարանին անունով կարդաց շնորհակալիքի ուղերձը: Դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան կարդաց տարեկան իր զեկուցումը: Հանդիսութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը կատարեց աւարտական սաներու աշխատանքին ութ տարիներու արգասիքին խորհրդանիշը հանդիսացող վկայականաց բաշխումը: Ապա, ան տուաւ հայրապետական պատգամը:

Աւարտին, երգուեցան դպրեվանքի քայլերգը, «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը եւ «Կիլիկիա»-ն: Նշենք, որ ներկաներուն բաժնուեցաւ դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքի նոր լոյս տեսած հատորը, որ արտացոլացումն է ուսանողներու մտաւոր աշխատանքին:

 

Նախորդը

Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Բնակելի Թաղամասերը Անընդհատ Կը Հրթիռակոծուին

Յաջորդը

Տեսուչ Հայր Սուրբը` Դպրեվանքին Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.