
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` Օրլանտօ քաղաքի գիշերային վայրերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան առիթով, որուն պատճառով սպաննուած եւ վիրաւորուած են քանի մը տասնեակ անմեղ մարդիկ, կը փոխանցէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան «խստօրէն դատապարտած է անհանդուրժողականութեան այս զարհուրելի երեւոյթը եւ ընդգծած, որ բարեկամ ամերիկացի ժողովուրդը պատուհասած այդ դժբախտութիւնը կրկին ապացուցեց, որ ատելութեան բոլոր դրսեւորումները, որոնց յաղթահարումը բոլորին հաւաքական պարտքն ու առաքելութիւնն է, նոյնիսկ 21-րդ դարուն կը շարունակեն մնալ լրջագոյն մարտահրաւէր մարդկութեան համար»:


