«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ կեանքէն հեռացած է վաստակաւոր երգչուհի Օֆելիա Համբարձումեան: Ան 91 տարեկան էր:
Օֆելիա Համբարձումեան ծնած է 9 յունուար 1925-ին, Երեւան:
Երգչուհիի ասպարէզին մէջ առաջնային տեղ գրաւած են Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւնները` «Ես կանչում եմ լալային», «Չկայ Քիզի Նման» եւ այլն: Երգած է Ֆարհատի, Միսկին Բուրջիի, Ջիւանիի, Շերամի երգերը: Անոր ստեղծագործական թռիչքները կապուեցան աշուղներ Հաւասիի, Աշոտի եւ Շահէնի ստեղծագործութիւններուն, որոնցմէ շատերու առաջին կատարողը ինքը եղաւ` իր կատարումները ուղեցոյց դարձնելով բոլոր երգիչ-երգչուհիներուն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Համբարձումեաններու եւ Յովհաննիսեաններու ընտանիքին` Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, հայ երգի անզուգական կատարող Օֆելիա Համբարձումեանի մահուան առիթով:
«Մեկնելով ժողովրդական երգարուեստի մեծ նուիրեալ եւ երախտաւոր, մեր ժողովուրդի յոյզերու եւ ապրումներու կրող եւ թարգման` Օֆելիա Համբարձումեան իր երկարատեւ եւ բուռն ստեղծագործական կեանքով նոր մակարդակի բարձրացուց հայ երգը:
Տասնամեակներ շարունակ համաժողովրդական մեծ սէր վայելող անոր կատարումները հիացուցած եւ ոգեշնչած են հայրենի հանդիսատեսը, հայ մնալու ուժ եւ կորով հաղորդած սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն:
Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ մեծանուն երգչուհիի ընտանիքին, հարազատներուն եւ անոր արուեստի բազմահազար երկրպագուներուն», ըսուած է հանրապետութեան նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ: