
ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի 1105-րդ նիստին ընթացքին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արման Կիրակոսեան 16 յունիսին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դատապարտելով Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի բնակչութեան դէմ ի գործ դրուած ահաբեկչական յարձակումները:
Ան մտահոգութիւն յայտնած է Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորումին կողմէ Հալէպի դէմ գործուած վերջին յարձակումներուն գծով` դիտել տալով, որ անոնք պատճառ եղած են բազմաթիւ քաղաքացիներու նահատակութեան: Հայկական կողմը խստիւ դատապարտած է քրիստոնէաբնակ թաղամասերու կանխամտածուած ու հետեւողական ռմբակոծումը, որուն իբրեւ հետեւանք միայն հայաբնակ թաղամասերուն մէջ զոհուած եւ վիրաւորուած են տասնեակներով խաղաղ բնակիչներ, լուրջ վնասներ կրած է Սուրբ Երրորդութեան «Զուարթնոց» հայկական կաթողիկէ եկեղեցին, հայկական ծերանոցն ու պատմամշակութային-գիտակրթական այլ շէնքեր:
Հայաստանի դեսպանը նշած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի առաքելութիւնը հետեւողական կերպով բարձրաձայնած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ին, Ժապհաթ Նուսրային, ինչպէս նաեւ Քայիտային հետ կապ ունեցող ահաբեկչական այլ խմբաւորումներուն խնդիրը: Ընդգծուած է, որ ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները, որոնց կարգին` հայ համայնքը, կը հանդիսանան նման խմբաւորումներու յարձակման հիմնական թիրախ: Դեսպան Կիրակոսեան նշած է, որ վերոյիշեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գործողութիւնները լուրջ սպառնալիք են ԵԱՀԿ-ի շրջանի անվտանգութեան համար: Բռնի ծայրայեղականութիւնը, արմատականացումն ու ահաբեկչութիւնը թիրախ կը դարձնեն ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւնները, կը սպառնան անոնց գոյութեան` Միջին Արեւելքի մէջ` աւելի սրելով ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ առկայ գաղթականութեան ճգնաժամը:
Դեսպան Կիրակոսեան կոչ ուղղած է բոլոր մասնակից պետութիւններուն առանց որեւէ նախապայմաններու կատարելու ստանձնած պարտաւորութիւնները ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Արման Կիրակոսեան յատկապէս կոչ ուղղած է Թուրքիոյ` կանխելու ահաբեկչական խումբերուն կողմէ քաղաքացիներուն, որոնց կարգին` Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ կատարուած յարձակումները իրականացնելու նպատակով իր տարածքին օգտագործումը:


