
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 18 յունիսին հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի խորհրդարանի եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) անդամ Փիեթ տը Պրույնի հետ եւ քննարկած է ԵԽԽՎ-Արցախ կապերուն, ազրպէյճան-ղարաբաղեան տագնապի եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախագահ Բակօ Սահակեան արժեւորած է նման քննարկումները` ընդգծելով, որ եւրոպական տարբեր պետութիւններու եւ կառոյցներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը հանդիսանայ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը:
Հանդիպումին ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:


