Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարները

June 16, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Armenia-Moscow_61516

15 յունիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ:

«Մեր համագործակցութեան հետեւողականութիւնը, թափն ու յագեցածութիւնը մեզ կը գոհացնեն: Մենք կը համագործակցինք բոլոր ուղղութիւններով, յատուկ կերպով կրնամ նշել կրթութեան մարզը. ձեր մեծ թիւով սպաները կ՛ուսանին մեր ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ», «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան համաձայն ըսած է Շոյկու` աւելցնելով, որ այս տարի կայ 200 սպայի ուսման դիմում, զոր ռուսական կողմը պատրաստ է պաշտպանելու:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ երկու երկիրներու զինուորական  եւ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան ծիրին մէջ կը գործէ հինգ տասնեակէ աւելի պայմանագիր եւ համաձայնագիր: «Մենք կը փափաքինք հետագային եւս շարունակել մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը», յայտնած է ան:

Շոյկու անդրադարձած է Միջազգային բանակային խաղերուն մէջ հայկական խումբին մասնակցութեան եւ Հայաստանի զինուորները հրաւիրած է մասնակցելու այս տարուան խաղերուն:

Նախարար Օհանեան իր կարգին ըսած է, որ ուրախ է այս հանդիպումին համար` նշելով, որ ատիկա առիթ է պաշտպանական համագործակցութեան որոշ հարցերու վերաբերող «ժամացոյցները ճշդելու»:

«Կը կարծեմ, մեր կանոնաւոր երկկողմանի հանդիպումները եւ միացեալ  միջոցառումները բարի աւանդութիւններ դարձած են եւ եւս մէկ վկայութիւն են այն բանին, որ մեր յարաբերութիւնները շատ բարձր մակարդակի վրայ են, ու մեր համագործակցութիւնը պաշտպանական մարզին մէջ աշխուժ կերպով կը զարգանայ», յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը` նման համագործակցութեան վկայութիւններէն մէկը նկատելով Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուող օգնութիւնը:

Նախարարները նաեւ քննարկած են պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման, զինուորական-արհեստագիտական գործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր` միտուած ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու յառաջիկայի խորացման:

Զինուորական Համագործակցութեան Հարցերու Քննարկում

14 յունիսին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Անաթոլի Անթոնովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հարաւկովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններուն միջեւ զինուորական եւ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան առնչուած հարցեր:

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Զինուած Ուժերու Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներ

Յաջորդը

Ակնարկ. Ռուսական Գերմիջնորդութեան Տեսանելիութիւնը (Ս. Փեթերսպուրկը` Վիեննայէն Ընդամէնը Մէկ Ամիս Ետք)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.