Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին (ԶՈԳ) շաբաթ, 18 յունիս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին տեղի ունեցաւ միջհամալսարանական զարգացման մրցում, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, Զոքաք Պլաթ: Մրցումին մասնակցեցան Լիբանանի տարածքին գտնուող տարբեր համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողներու քառեակներ:
Մրցակից 12 խումբերը կը ներկայացնէին հետեւեալ համալսարանները` Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանը (Էլ. Էյ. Եու.) իր երկու ճիւղերով` Պէյրութ եւ Ժիպէյլ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (Էյ. Եու. Պի.), Հայկազեանը, Լիբանանեան համալսարանը, «Էն. Տի. Եու.» եւ «Սեն Ժոզեֆ»:
Կազմակերպիչներուն անունով խօսք առաւ Լոռի Վարդանեան, որ յայտնեց, թէ այս մրցումով ԶՈՄ-ը կը նպատակադրէ համախմբել Լիբանանի համալսարաններուն հայ ուսանողները, զարգացնել անոնց մէջ ընդհանուր գիտութիւնը եւ մանաւանդ մարզական ոգին: Զարգացման մրցումը կ՛ընդգրկէր հայկական եւ միջազգային/ընդհանուր տեղեկութիւններ` հետեւեալ նիւթերով. գրական, աշխարհագրական, գիտական, պատմական, ազգային, մշակութային, մարզական եւ այլն:
Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի խմբակը եղաւ մրցումին ախոյեանը: Երկրորդ հանդիսացան Հայկազեան համալսարանի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի խմբակները հաւասարապէս, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Ժիպէյլի խմբակը: Առաջին հանդիսացող խմբակը ստացաւ կէս միլիոն լիբանանեան ոսկիի նիւթական պարգեւ մը, որ պիտի տրամադրուի համալսարանին մէջ գործող հայկական ակումբին, որպէսզի օգտագործուի համալսարանին մէջ հայկական մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան քարոզչական աշխատանքին համար: Մրցումին յաջորդեց մրցանակաբաշխումը, ապա` նկարահանում եւ հիւրասիրութիւն: