
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 յունիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները:
Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Քննարկուած են Արցախի մէջ գիտութեան ու կրթութեան զարգացման եւ այս մարզին մէջ երկու հայկական հանրապետութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլավա Ասրեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Անկէ ետք նախարար Մկրտչեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրերուն Շուշիի արհեստագիտութեան համալսարանի հեռանկարներն ու կրթութեան մարզի հիմնախնդիրները Արցախի մէջ քննարկելու իրենց առաջարկը ընդունելուն համար: Կարեւոր նկատելով կրթութեան դերը երկրի զարգացման առումով` վարչապետը ներկայացուցած է Արցախի մէջ իրականացուող կրթական ծրագիրները. «Եթէ յաջողինք զարգացում ապահովել կրթութեան մարզին մէջ, պիտի ունենանք ծաղկող երկիր, այլապէս` պիտի մնանք նոյն մակարդակին վրայ», ըսած է ան:
Շուշիի արհեստագիտութեան համալսարանի ստեղծումը լուսարձակի տակ առնելով` վարչապետ Յարութիւնեան յայտնած է, որ կրթական այդ բարձրագոյն կառոյցին կապուած մեծ հեռանկարներ կան, որոնց գլխաւորը հանրապետութեան մէջ մասնագիտացած եւ որակաւոր մարդուժի պատրաստութիւնն է: Այս իմաստով կառավարութեան ղեկավարը դիտել տուած է, որ կ՛ակնկալուի հայաստանցի գործընկերներուն աջակցութիւնը:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան վստահեցուցած է, որ պատրաստ են աջակցելու Արցախի մէջ իրականացուող կրթութեան զարգացման բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ներկայացնելով Հայաստանի կրթութեան մարզի հիմնախնդիրները` Լ. Մկրտչեան նշած է, որ կը պատրաստուին լուրջ բարեփոխումներ իրականացնելու այդ մարզին մէջ` կրթական համակարգի ձեւին ու բովանդակութեան համապատասխանեցման ուղղութեամբ:


