Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տենի Թարխանեան Յաղթանակ Արձանագրեց Քոնկրեսի Նախնական Ընտրութիւններուն

Յունիս 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dany_61616

Չորեքշաբթի, 15 յունիսին հաղորդուած արդիւնքներուն համաձայն, Տենի Թարխանեան յաղթանակ արձանագրած է Նեւատա նահանգի քոնկրեսական երրորդ ընտրատարածքի նախնական ընտրութիւններուն` դառնալով Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն:

Ան նոյեմբերի ընտրութիւններուն իրեն դիմաց պիտի ունենայ դեմոկրատական թեկնածու Ճեքի Ռոզընին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը վայելող Թարխանեան, 13 յունիսին տեղի ունեցած նախնական ընտրութիւններուն կը մրցէր նահանգային Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար Մայքըլ Ռապըրսընի դէմ:

Յաջողակ գործարար եւ հանրայայտ մարզիչ Ճերի Թարխանեանի զաւակը` Տենին, միշտ պաշտպանած է ամերիկահայութիւնը յուզող հարցեր եւ կը փորձէ միանալ Ներկայացուցիչներու տան միւս հայ քոնկրեսականներուն` Աննա Էշուին եւ Ճեքի Սփիրին:

Յայտնենք, որ Տենի Թարխանեան մասնակցած էր Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ 22 ապրիլին, Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանին առջեւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին` ներկաներուն հետ կիսելով Ցեղասպանութենէն փրկուած իր նախնիներուն պատմութիւնը:

Յայտնենք նաեւ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը վայելող Տանա Թայթըս յաղթանակ արձանագրած է Նեւատա նահանգի քոնկրեսական առաջին ընտրատարածքի նախնական ընտրութիւններուն` հասնելով աւարտական հանգրուան:

 

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Կրթական Ծրագիրին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթը Ներառելու Հարցի Քննարկում

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան Հայաստանի Ելեւմուտքի Նախարարին Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?