Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահի Մակարդակով Պելճիքա Այցելութիւնը Արցախի Ճանաչման Միջոցներէն Է

Յունիս 15, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

bedo_61416

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի Պելճիքա այցելութիւնը քաղաքական կարեւոր նշանակութիւն ունի:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան: Անոր խօսքով, այցելութեան ընթացքին շեշտադրուած են քանի մը հարցեր` Պելճիքայի քաղաքական գործիչներուն ղարաբաղեան տագնապի իրական պատկերի ներկայացում, Արցախի հետ յարաբերութիւններու խորացում, Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններու մանրամասն ներկայացում:

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մակարդակով Պելճիքա այցելութիւնը, ունեցած հանդիպումները ոչ միայն կը նպաստեն յարաբերութիւններու խորացման, այլեւ Արցախի ճանաչման միջոցներէն  են: Նախագահը Պելճիքա կը գտնուէր բաւական յագեցած ծրագիրով, հանդիպումներ եղան ինչպէս Հայ դատի գրասենեակի անձնակազմին, տեղի հայ համայնքին, նոյնպէս ալ տարբեր մակարդակներու վրայ խորհրդարաններու երեսփոխաններու հետ: Նպատակն էր Արցախի հետ կապերը ամրապնդել, յարաբերութիւնները խորացնել: Բակօ Սահակեան դարձաւ Մեխելեն քաղաքի պատուոյ հիւրը: Յատկանշական է, որ ան գրառում կատարեց Մեխելեն քաղաքի պաշտօնական գիրքին մէջ, ուր գրառումներ կը կատարեն տարբեր երկիրներու նախագահներ վարչապետներ, թագաւորներ», ըսաւ Պետօ Տեմիրճեան:

Ան Բակօ Սահակեանի այցելութեան ընթացքէն կարեւոր նկատեց քանի մը շեշտադրումներ. նախ այն, որ երեսփոխաններուն ոչ միայն ներկայացուեցաւ ղարաբաղեան տագնապի իրական պատկերը, այլեւ ընդգծուեցաւ, որ Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն պէտք է տալ հասցէական գնահատական:

«Արցախը վճռական է խաղաղութեան պահպանման հարցին մէջ, կը ձգտի յառաջ շարժիլ ժողովրդավարական կարգով, իսկ Ազրպէյճանը կը խոչընդոտէ: Այս եղած է Բակօ Սահակեանին ուղերձը` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանին ուղղուած խօսքերը պէտք է ըլլան թիրախաւորուած: Ու եթէ պետութիւնը ճանչցուած չէ, ապա ատիկա չի նշանակեր, որ իրաւունք չունի արարելու, ստեղծագործելու, այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններ ունենալու», ըսաւ Պետօ Տեմիրճեան` ընդգծելով, որ Բակօ Սահակեանի այցելութիւնը նաեւ տեղւոյն լրատուամիջոցներու  ուշադրութեան կեդրոնը եղած է:

Արցախի նախագահը ելոյթ ունեցած է ակադեմական շրջանակի մէջ` Համալսարանական հիմնադրամին մէջ: Ան հանդիպում ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքին հետ: Հայ համայնքը իր պատրաստակամութիւնը  յայտնած է սատարելու Արցախին: Պետօ Տեմիրճեան տեղեկացուց, որ յառաջիկային աւելի պիտի աշխուժանան Արցախի պետական, քաղաքական գործիչներուն այցելութիւնները Եւրոպա: Շատ կարեւոր է ղարաբաղեան տագնապը անձամբ եւրոպացի գործընկերներուն ներկայացնելը:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Պելճիքա կազմակերպուած էր Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ:

 

 

Նախորդը

Եզիտի Համայնքը Կ՛ակնկալէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին Կողմէ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Յաջորդը

Քրեմլին. «Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը 20 Յունիսին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?