«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալը
Իսրայէլի Բարոյական Պարտքն Է»
Կ՛ըսէ Յակոբ Սեւան

ՀՅԴ Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան` անդրադառնալով 5 յուլիսին Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկման, նշեց, որ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վերաբերեալ Քնեսեթէն դրական ազդակներ կու գան, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ ներկայ փուլին մէջ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան:
«Հայ դատի յանձնախումբը չի նայիր, թէ այդ փուլին ի՛նչ քաղաքական հոլովոյթներ կան, ինք իր գործը շարունակ կը կատարէ: Ի հարկէ, կը հասկնանք, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ ազդել հոլովոյթին վրայ, սակայն մենք մեր գործը վճռականօրէն յառաջ կը մղենք: Մենք կ՛աշխատինք անընդհատ, մեր նպատակը հասնիլն է անոր, որ 1915-ին հայերուն դէմ վայրագութիւնները Իսրայէլը ճանչնայ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Կը կարծենք, որ հրեաները` իբրեւ ցեղասպանութիւն տեսած ազգ, պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ատիկա իրենց բարոյական պարտքն է», ըսած է Սեւան:
Յակոբ Սեւան նկատած է, որ Քնեսեթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վերաբերեալ դրական տրամադրուածութիւն կայ: Ըստ անոր, եթէ ազատ քուէարկութեան իրաւունք տրուի, ապա բազմաթիւ երեսփոխաններ թեր պիտի քուէարկեն: Ան յայտնեց, որ ցեղասպանութեան հարցի քննարկման օրը Հայ դատի յանձնախումբը հրեայ գործընկերներու հետ պահանջատիրական ցոյց պիտի կատարէ Քնեսեթի շէնքին մօտ:
16 մայիսին Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Ետլսթէյն կառավարութեան կոչ ուղղած էր ճանչնալու օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:


