Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Միաձայնութեամբ Ընդունած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Յուլիս 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

France-parliament_70116

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծին, որ Խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած էր Ֆրանսայի կառավարութիւնը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան: «Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորները միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեր են կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, որուն մէջ կ՛առաջարկուի քրէականացնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Նախագիծը սեպտեմբերին պիտի  քննարկուի Ծերակոյտի մէջ, ուր հաստատուելէն ետք կրկին կը վերադառնայ Ազգային ժողով` վերահաստատուելու համար», ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով, որ ժողովին ներկայ եղող բոլոր 21  պատգամաւորները կողմ քուէարկած են նախագիծին: Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի բանաձեւին վրայ աշխատեր են Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու իրաւաբանները: Բանաձեւը մշակուած է Ֆրանսայի Սահմանադրութեան համապատասխան եւ հայ համայնքի համար ընդունելի տարբերակով: «Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծի» բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութիւնը հրապարակած է 29 յունիսին: Նշեալ փոփոխութեամբ կը նախատեսուի մէկ տարի ազատազրկում կամ 45.000 եւրոյի չափով տուգանք սահմանել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու համար: Ան աւելցուց, որ այժմ հայկական համայնքը պէտք է լուրջ աշխատանք տանի, որպէսզի նախագիծը հաստատուի նաեւ Ծերակոյտի մէջ` նկատել տալով, որ այդ ընթացքին Թուրքիան ալ իր լծակներով պիտի  փորձէ ամէն ինչ ընել` Ծերակոյտին  կողմէ նախագիծի հաստատումը կանխելու համար: «Թուրքիան, անշուշտ, չէր սպասեր, որ Ազգային ժողովը այսքան արագ նման որոշում տայ: Անոնք կը փորձէին ճնշում բանեցնել  կառավարութեան վրայ եւ նախագահ Հոլլանտէն կը պահանջէին յետս  կոչել օրինագիծը, սակայն ատիկա չեղաւ: Հիմա մենք պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրենք, եւ ես համոզուած եմ, որ յաղթանակ կը տանինք», ըսաւ Փափազեան: «Այս տարուան 25 յունուարին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն յանձնարարեց առաջարկել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի բանաձեւը, որ կը համապատասխանէ նաեւ Սահմանադրութեան: Հայկական կազմակերպութիւններու մասնագէտները աշխատեցան ֆրանսացի իրաւաբաններու հետ` մեզի համար ընդունելի եւ Սահմանադրութեան համապատասխանող բանաձեւ մշակելու համար: Նախագիծը հաւասար է հակացեղապաշտական եւ հակասեմական օրէնքներու բանաձեւերուն», ըսաւ Փափազեան: Անոր խօսքով` օրինագիծի բանաձեւին մէջ իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ կը նշուի Հայոց եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդէս Եկած Է Յայտարարութեամբ

Յաջորդը

Լաւրով Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան, Ապա` Երեւան

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?