
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 29 յունիսի երեկոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը Հայաստանի մէջ եւ նշած, որ անոր այցելութիւնը լաւ առիթ է քննարկելու ինչպէս ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութեան, այնպէս ալ հայ-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ բարձր ղեկավարութեան` ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին Գերմանիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը բարձր մակարդակով ընդունելու, հետաքրքրական եւ բովանդակային քննարկումներուն համար:
Հայաստանի նախագահին գնահատումով` փոխադարձ այցելութիւններու եւ երկկողմանի կապերու աշխուժութիւնը կը վկայեն Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը Գերմանիան կը դիտարկէ իբրեւ քաղաքական եւ տնտեսական կարեւոր գործընկեր ու բարեկամ երկիր: Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է Հայաստանի ընկերային-տնտեսական զարգացման նպատակով Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ տարիներ շարունակ Հայաստանին տրամադրուող ֆինանսական ու արհեստագիտական աջակցութիւնը եւ այդ գծով շնորհակալութիւն յայտնած Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխման նպատակով Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ յատկացուած 500 հազար եւրօ ֆինանսական աջակցութեան համար:
Նախագահը գոհունակութեամբ խօսած է արտաքին գործոց նախարար Շթայնմայերի հայաստանեան այցելութեան ընթացքին ստորագրուած նոր փաստաթուղթի` եկամուտներու եւ գոյքի կրկնակի տուրքը բացառելու մասին միջկառավարական համաձայնագիրի մասին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումին առիթով անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւին համար:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ փուլին եւ այդ հոլովոյթը յառաջ մղելու կարելիութիւններուն ու հեռանկարին: Կարեւոր նկատուած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրագործումը` տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու նպատակով:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Հայաստանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր շրջանակային համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները, որոնց չորս փուլերը արդէն յաջողութեամբ կայացած են, տեսանելի ապագային կ՛աւարտին, եւ կողմերը կ՛ունենան յարաբերութիւններու զարգացման միտուած նոր փաստաթուղթ:
Հանդիպում Նալբանդեանի Հետ
29 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Երեւան հասած Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ:
Հանդիպումը առանձնազրոյցով սկսաւ, ապա շարունակուեցաւ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը` էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ բարձրաստիճան պարբերական փոխադարձ այցելութիւնները լաւ հիմք կը ստեղծեն` քննարկելու Հայաստան-Գերմանիա բազմաշերտ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի համագործակցութեան աշխուժ զարգացման համար: Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ անիկա պայմանաւորուած է երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու խորացման փոխադարձ ձգտումով:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր անդրադարձ կատարեցին Հայաստանի նախագահին եւ Գերմանիոյ վարչապետին` ապրիլին Պերլինի մէջ ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին:
Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրեցին նաեւ հայ-գերմանական միջխորհրդարանական կապերու բարձր մակարդակը: Կարեւոր նկատուեցաւ միջազգային խորհրդարանական վեհաժողովներու մէջ հաստատուած փոխադարձ գործակցութիւնը:
Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանը մեծապէս կարեւոր կը նկատէ 2 յունիսին Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը, որ շարունակութիւնն էր 23 ապրիլ 2015-ին Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուքի յայտարարութեան: «Այս քայլով Գերմանիան ոչ միայն արժէքաւոր ներդրում կը բերէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործին, այլեւ ընդդէմ ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային հանրութեան պայքարին մէջ, կ՛ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման մէջ պատասխանատուութեան իր մասը», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Նախարարները կարեւոր նկատեցին արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդատուութիւններու կայացումը, միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակին մէջ փոխադարձ գործակցութեան սերտացումը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի օրակարգի տարբեր հարցերու, որոնց մէջ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւտրատնտեսական, կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան մարզերու համագործակցութեան զարգացման ուղղուած քայլերուն: Ընդգծուեցաւ ապրիլին Երեւանի մէջ բացուած` Գերմանացի գործարարներու միութեան գրասենեակի նշանակութիւնը երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման գործին մէջ:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման ուղղուած ջանքերը, մասնաւորապէս` Եւրոպական Միութեան հետ նոր համապարփակ համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու ընթացքը:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի օրակարգային հարցերուն: Էդուարդ Նալբանդեան վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի գերմանական նախագահութեան առաջնահերթութիւններու իրականացման: Նշուեցաւ, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի գերմանական նախագահութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման:
Էդուարդ Նալբանդեան արժեւորեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութիւնը եւ շեշտեց, որ անիկա շրջանին մէջ ամբողջ ծաւալով գործող ԵԱՀԿ-ի միակ ներկայացուցչութիւնն է, որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն հետ Հայաստանի համագործակցութեան յանձնառութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումի աւարտէն ետք Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր ստորագրեցին Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ եկամուտներու եւ գոյքի կրկնակի տուրքը բացառելու մասին միջկառավարական համաձայնագիրը:
Այնուհետեւ նախարարներ Նալբանդեան եւ Շթայնմայեր հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով:
«Սթաթիւս քոյի պահպանումը անկարելի է: Որքան հակամարտութիւնը կ՛երկարաձգուի, այնքան կը մեծնայ սրման հաւանականութիւնը: Անհրաժեշտ է խուսափիլ անկէ: ԵԱՀԿ-ը ջանքեր կը գործադրէ, եւ ես, որպէս գործող նախագահ, երկարատեւ խաղաղութեան փնտռտուքներու մէջ եմ», Երեւանի մէջ Հայաստանի արտագին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր: Անոր խօսքով, միջնորդներու ջանքերը եւ Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած հանդիպումները թուլացուցին լարուածութիւնը: «Մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք», վստահեցուցած է Շթայնմայերը:


