Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Նախագիծը

June 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

AJ_62916

29 յունիսին Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց կառավարութեան կողմէ ներկայացուած` Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը:

4+4+4 ձեւաչափով բանակցութիւններէ ետք, նշենք, Ընտրական օրէնսգիրքին շուրջ փոխհամաձայնութեան մասին յայտարարութիւն ստորագրուեցաւ, ըստ անոր, ընտրութիւնները ընտրական կեդրոններուն մէջ պիտի նկարահանուին, պիտի ներդրուի մատնահետքերու ելեկտրոնային արձանագրութեան համակարգ, ընտրելու համար պիտի կիրարկուին միայն նոյնականացման քարտեր, իսկ ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներուն ցանկերը պահանջուելու պարագային պիտի տրուին վստահուած անձերու:

29 յուլիսին տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին Հայ ազգային քոնկրես (ՀԱԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւոր Գագիկ Ջհանգիրեան յայտարարած է, որ իրենց խմբակցութիւնը կողմ է այս փոփոխութիւններուն: «Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք կողմ ենք ընդհանուր Ընտրական օրէնսգիրքին: Չհամաձայնեցուած հարցերը տակաւին շատ են, յատկապէս` բաց համամասնական համակարգը», յայտնած է ան:

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրաբեան եւս յայտարարած է, որ խմբակցութիւնը թեր պիտի քուէարկէ նախագիծին: «Ասիկա միացեալ լուրջ ջանքի եւ աշխատանքի արդիւնք է, եւ եթէ այս քաղաքական համաձայնութեամբ մենք կարենանք լուծել նաեւ զայն իրականացնելու հարցը, ասիկա էապէս լուրջ լծակներ կու տայ մշտապէս կրկնուող հիմնական ընտրակեղծիքներու բարձր մակարդակը  գոնէ նուազեցնելու համար: «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը կողմ պիտի քուէարկէ», ըսած է Զոհրաբեան:

«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեան իր կարգին յայտարարած է, որ «եթէ»-ով պայմանաւորուած օրինագիծին չի կրնար թեր քուէարկել. «Ես միշտ կողմ եմ ընտրական գործընթացներու բարելաւման, բայց «եթէ»-ով պայմանաւորուած օրինագիծին ես չեմ կրնար  կողմ ըլլալ, ես դէմ պիտի քուէարկեմ»:

Նախագիծին դէմ արտայայտուած է նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւոր Խաչատուր Քոքոբելեան:

 

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւնները Այլեւս Նոյնը Պիտի Չըլլան»

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Թուրքիոյ Նախագահին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.