30 յունիսին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի 3-րդ նստաշրջանի եզրափակիչ լիագումար նիստը:
Նիստին Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որ ներկայացուած է խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանին կողմէ:
Ստորեւ յայտարարութիւնը.-
«Մէկ տարիէն աւելի է, որ իր աշխատանքները սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային Ժողովը:
Անցնող տարուան ընթացքին մենք առնչուած եղած ենք բազմաթիւ խնդիրներու հետ` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, պետական կառավարման համակարգի եւ այլն:
Հաւատարիմ 2015-ի նախընտրական քարոզարշաւի սկզբունքներուն` Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը անցեալ տարուան ընթացքին փորձեց իր կարելիութիւնները ի սպաս դնել օրէնսդրական դաշտի, օրէնսդիր-գործադիր յարաբերութիւններու, հասարակութեան հետ մշտական կապի ապահովման, խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման եւ այլ ուղղութիւններով տարուող աշխատանքներուն մէջ:
«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան համար որքանով կարեւոր էին արտաքին ճակատի վրայ տարուող աշխատանքները, անվտանգութեան խնդիրները, նոյնքանով ալ ընդգծելի էին ներքին կեանքին առնչուող բոլոր հարցերը:
Կարեւոր գործընթաց է նաեւ երկրին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացումը եւ խորհրդարանական համակարգի արմատաւորումը, որ մեր գնահատումով իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ եւ խթան կը հանդիսանայ Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վրայ:
Սակայն խորհրդարանի մէջ գործող «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան համար հարցերուն հարցը, ինչպէս անցեալին, կը մնայ Ղարաբաղի չլուծուած տագնապը` իր բոլոր երեւցող ու չերեւցող կողմերով:
Վերջին տարիներուն բանակցութիւններու միջոցով Արցախեան տագնապի լուծումը, Ազրպէյճանի յաւակնող պահանջներու պատճառով, անընդհատ ձախողութեան մատնուած է:
Տագնապով զբաղող եւ շրջանին մէջ իրենց շահերը հետապնդող կարգ մը երկիրներ եւ միջազգային ուժեր տարիներ շարունակ իրենց մօտեցումներով կեղծ հաւասարութեան նշան դրած են կողմերուն միջեւ` ոգեւորելով Ազրպէյճանի բռնի նկրտումները:
Այդ գործելաոճը տարիներու ընթացքին դարձած է իշխող` առանց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի կարծիքն ու մօտեցումները հաշուի առնելու:
Այդ գործելաոճին իբրեւ արդիւնք` բանակցութիւններու նիւթ դարձած են սկզբունքներ ու ծնած են փաստաթուղթեր, որոնք ամբողջապէս կ՛անտեսեն Արցախի ժողովուրդի իրական ու իրաւական իրաւունքները:
Այդ բոլորին արդիւնքն են ապրիլեան իրադարձութիւնները` իրենց բոլոր հետեւանքներով:
Ապրիլեան պատերազմական գործողութիւններու աւարտին եւ երկու նախագահներու Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներէն ետք, այսօր թէ՛ միջազգային, թէ՛ հայկական շրջանակներուն խօսք կ՛ուղղուի Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու մասին: Տարաբնոյթ ու հակասական տեսակէտները կողմերու դիրքորոշման ձեւակերպումներու վերաբերեալ որոշ մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն:
Առ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը անգամ մը եւս կը բարձրացնէ եւ կը վերահաստատէ, որ`
– Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը կը շարունակէ մնալ արտաքին ճակատին վրայ մեր գործունէութեան անկիւնաքարային հարցերէն մէկը: Բանակցութիւններու առկայութիւնը չի կրնար արգելք նկատուիլ Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման: Ընդհակառակը` տարբեր մակարդակի ճանաչման քայլերը կը զսպեն Ազրպէյճանը եւ անոր կը մղեն կառուցողական կեցուածք դրսեւորելու: Ուրեմն հարկ է շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման խնդիրի հետապնդումը:
Իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման եւ անվտանգութեան երաշխիք` անհրաժեշտ է, հետամուտ ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման:
Համախմբել համայն հայութեան ներուժը` Արցախեան հարցը ազգային-ազատագրական եւ ինքնորոշման պայքարի դաշտին մէջ պահելու համար:
Բանակցային գործընթացին մէջ առաջնորդուիլ Արցախի ժողովուրդի 1991-ի անկախութեան եւ 2006-ի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ կայացած արտայայտութեամբ:
– Արցախի տագնապի լուծման ներկայ փուլին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը դարձնել բանակցային գործընթացի լիիրաւ մասնակից:
Անթոյլատրելի է խօսիլ հայկական կողմի որեւէ զիջման մասին: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կիրարկած է իր ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային իրաւունքի եւ Խորհրդային միութեան սահմանադրութեան հիման վրայ:
1991-1994 թուականներուն Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ մղուող պատերազմին Ազրպէյճան նախայարձակ էր: Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտպանեց անվտանգ ապրելու իր իրաւունքը եւ յաջողեցաւ անոր մէջ: Ազրպէյճան պատասխանատու է պատերազմ սկսելու եւ անոր բոլոր հետեւանքներուն համար:
Ազրպէյճանի կողմէ 1994-1995 թուականներուն զինադադարի վարչակարգը խախտելու, չեղեալ նկատելու բոլոր ճիգերը պէտք է դատապարտուին միջազգային հանրութեան կողմէ:
Միջազգային հանրութիւնը պէտք է յաւելեալ ճիգեր գործադրէ` վերսկսելու Արցախ-Ազրպէյճան սահմանի երկայնքով զինադադարի պահպանումը:
Միաժամանակ կը շեշտենք, որ Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորը, նախ եւ առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակն է ու հայ զինուորը»: