Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ի Պաշտպանութիւն Կարօ Փայլանին Շարժում Մը Կը Սկսի

June 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ANCA_62916

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ամերիկահայերուն ու մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն տարածած է յայտարարութիւն մը, որով կոչ կ՛ուղղէ այցելելու anca.org/paylan կայքը ու պահանջելու, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յառաջատար կազմակերպութիւնները բարձրաձայնեն Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի նկատմամբ յարձակումներու եւ հետապնդումներու մասին:

«Բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք մտահոգուած են իր հայկական ծագումին եւ տեսակէտները ազատ արտայայտելու պատճառով յարձակումներու ենթարկուած Կարօ Փայլանի` Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխանի անվտանգութեան համար, կրնան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին ստեղծած յատուկ կայքին միջոցով դիմել արտաքին գործոց նախարարութեան, «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» եւ «Հիումըն Ռայթս Ուոչ» կազմակերպութիւններուն եւ անոնց կոչ ուղղել հանդէս գալու Կարօ Փայլանի պաշտպանութեամբ:

«Թուրքիոյ խորհրդարանին ու Սահմանադրական յանձնախումբին մէջ Կարօ Փայլանի վրայ կատարուած յարձակումներուն տեսագրութիւնները հրապարակուած ու ցուցադրուած են բազմաթիւ լրատուամիջոցներով: Անոր անվտանգութեամբ մտահոգուած քաղաքացիները կրնան այս կայքին մէջ դիմել արտաքին գործոց նախարարութեան օգնական քարտուղար Թոմ Մալինովսքիին, «Հիումըն Ռայթս Ուոչ»-ի գործադիր տնօրէն Քեն Ռոթին եւ «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ – Միացեալ Նահանգներ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարկարեթ Հուանկին: Այս երեք պաշտօնեաներուն հասցէագրուած իրենց նամակներով Կարօ Փայլանի անվտանգութեան պաշտպանները կոչ կրնան բարձրաձայնել անոր նկատմամբ ուժգնացող սպառնալիքին ու բռնութիւններուն մասին եւ դատապարտել Փայլանի դէմ ատելութիւն սերմանողները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Այս շաբաթ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասին բարձրաձայնելու Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը Կարօ Փայլանի անվտանգութեան վերաբերեալ: 3 մայիսին ուղարկուած նամակով Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան Փայլանը համեմատած է հայ լրագրող Հրանդ Տինքին հետ, որուն 2007-ին օր ցերեկով սպաններ էին Թուրքիոյ մէջ: «Տինքի սառնասիրտ սպանութենէն առաջ ալ  Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած էր Միացեալ Նահանգներուն հրապարակաւ մտահոգութիւն յայտնելու անոր անվտանգութեան գծով: Ցաւօք, ոչ մէկ նման յայտարարութիւն եղաւ: Դատապարտման հրապարակային բառերը հնչեցին միայն անոր մահէն ետք», նշած է Համբարեան:

 

 

Նախորդը

Մոսկուա Կոչ Կ՛ուղղէ Ալիեւին` Չփոշիացնելու Ձեռք Բերուած Դրական Արդիւնքները

Յաջորդը

Ֆելիքս Ցոլակեան` Նախագահի Վերահսկողական Ծառայութեան Ղեկավար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.