ՀՅԴ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանէ, ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Լիաննա Մարգարեանէ եւ քարտուղար Աշխէն Ֆիքսովայէ, այցելեց Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Ռիւտիկեր Լիւտեքինկի հետ:
Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման առիթով գնահատանքի խօսք մը փոխանցել գերման ժողովուրդին: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ նշեց, որ այս բանաձեւը կը միտի նաեւ Գերմանիոյ մասնակի մեղսակցութիւնը ընդունիլ եւ աշխատիլ, որ Թուրքիան եւս առերեսուի իր անցեալի մութ էջերուն հետ: Դեսպան Լիւտեքինկ բարձր գնահատեց ծագումով թուրք գերմանացի երեսփոխաններուն ներդրումը բանաձեւի ընդունման աշխատանքներուն մէջ, ինչ որ ինքնին աւելի արժէք եւ ուժգնութիւն կու տայ որդեգրուած բանաձեւին:
Դեսպանին հետ նաեւ խօսուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ – Արցախի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման մասին` նկատի առնելով, որ Գերմանիան ներկայիս ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկիրն է: Դեսպանը հաստատեց, որ Գերմանիան կառչած կը մնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ համանախագահութեան աշխատանքներուն:
Արծարծուեցան նաեւ հայութիւնը եւ Հայաստանը յուզող այլ հարցեր: