ՄԻԵԴ-ին Գանգատ` Ազրպէյճանի Մէջ Բանտարկուած 15 Հայերու Իրաւունքներու Խախտումներուն Վերաբերեալ
21 օգոստոսին, իրաւապաշտպան, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած է խմբային գանգատ` Ազրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ պահուող հայ գերիներու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնեն Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնէն: Գանգատը ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ...




















