Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

October 20, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշինկթըն-Փեքին-Մոսկուա եռակողմ հանդիպումի հաւանականութեան մասին: Հանդիպումին կայացումը անշուշտ տակաւին չէ հաստատուած, սակայն հիմնական օրակարգին շուրջ կայ ընդհանուր մօտեցում: Ենթադրեալ եռակողմը պիտի քննարկէ Ուքրանիա-Ռուսիա պատերազմը դադրեցնելու օրակարգը: Յստակ չէ տակաւին, որ թէական համաձայնութիւնը ժամանակաւոր հրադադարի՞, թէ՞ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու պիտի վերաբերի:

Այս բոլոր հարցականներով հանդերձ եւ տրուած ըլլալով, որ եռակողմի մասին յայտարարութիւնները պաշտօնական են, կարելի է որոշ հետեւութիւններ արձանագրել:

Առաջին. այս յայտարարութիւնները` հնչած միաժամանակ թէ՛ Սպիտակ տունէն եւ թէ՛ Քրեմլինէն, կը կատարուին Թրամփի շրջադարձային որոշումէն ետք` Ռուսիոյ պատժամիջոցներու սահմանափակման եւ ռուսական վառելիքի ուղղութեամբ կայացած գործարքի առումներով: Այս կ՛ենթադրէ, որ մերձեցման քայլերու նպատակը չի սահմանափակուիր միայն նոյեմբերեան միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ վառելանիւթի գիներու կտրուկ նուազում ապահովելով, այլ կ՛ուղղուի դէպի աւելի հեռահար թիրախներ:

Երկրորդ. այս գործարքէն հիմնովին դժգոհ էր Ուքրանիան, որուն նախագահը այլ անձով փոխարինելու յորդոր փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` ընդգծելով, որ ան համաձայնելու եւ գործարք կնքելու ունակութիւն չունեցող նախագահ է: Հիմա, անմիջապէս կը նկատուի այն, որ Ուքրանիոյ վերաբերող հիմնական օրակարգի քննարկումին կամ ենթադրաբար կայանալիք համաձայնութեան Ուքրանիան բացակայ է:

Երրորդ. Չինաստանը ցարդ լուռ է. ո՛չ կը հաստատէ, ո՛չ ալ կը հերքէ նման հանդիպումի մը հաւանականութիւնը: Չինաստանի մասնակցութիւնը սակայն ոչ միայն Ուքրանիոյ գծով կրնայ աւելի վճռական բովանդակութիւն տալ կնքուելիք համաձայնութեան, այլ նաեւ ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքական տարողականութիւն տալ համաշխարհային ինչպէս տնտեսական-ուժանիւթային, այնպէս նաեւ ռազմաքաղաքական հիմնական իրադարձութիւններուն: Ի վերջոյ այս եռակողմին մէջ տեսականօրէն խաղը կ՛ընթանայ 2-1 յարաբերակցութեամբ:

Չինաստանն ու Ռուսիան գործընկերներ են, իսկ Չինաստանն ու Միացեալ Նահանգները` տնտեսական սուր մրցակիցներ: Փեքինի լռութիւնը նաեւ զգուշաւորութեան եւ վերապահութեան նշան է, կատարուելիքին կարճաժամկէտ հաւանականութեան նկատառումով:

Չինաստանի նման երկրի մը ներգրաւումը ժամանակաւոր պայմանաւորուածութիւններու հետ կրնայ համատեղելի չըլլալ:

Չորրորդ. առաջադրուող եռակողմը կը շրջանցէ նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմին զօրակցական առաջին ճակատի վրայ գտնուող Եւրոպան, որուն յենասիւններէն Ֆրանսան կը դիմակայէ տնտեսական եւ ներքին կայունութեան լրջագոյն խնդիրներ: Ֆրանսան, որ համաեւրոպական հակառուսականութեան յառաջատար դիրքը վերցուցած էր:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով հանդերձ պէտք չէ բացարձակօրէն հետեւցնել, որ եռակողմը կը կայանայ, եւ համաձայնութիւնները կը հաստատուին: Հակառակ Թրամփի շրջադարձին, ամերիկեան ընկերութիւնները վերստին հետախուզական տուեալներ տրամադրեցին Քիեւին, յարձակումները շարունակելու Ռուսիոյ տարածքին:

Սակայն եռակողմի եւ անկէ բխելիք համաձայնութիւններու կայացման պարագային, իրավիճակի հիմնական փոփոխութիւններ կը սկսին երեւալ ոչ միայն Ուքրանիոյ պարագային, այլ նաեւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ. առաջին հերթին` Իրանի: Հոս եւս պէտք չէ մտահան ընել 2-1 յարաբերակցութիւնը եւ տեսնել Չինաստանի հիմնարար դերը:

Վերադառնանք ամերիկեան եւ ռուսական համաժամանակեայ յայտարարութիւններուն եւ այնտեղ նկատենք երանգային տարբերութիւններ: Ըստ ամերիկեան մամուլին, Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահը առաջարկած է իր ամերիկացի եւ չինացի գործընկերներուն հետ յառաջիկայ ամիս եռակողմ հանդիպում ունենալ` քննարկելու համար Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը:

Մոսկուան պաշտօնապէս հաստատած էր տեղեկատուութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը եռակողմի կայացման հաւանականութիւնը պաշտօնապէս չէ հաստատած, սակայն աւելցուցած է, որ ծրագիրները այդ ուղղութեամբ տակաւին վերջնական տեսքի չեն բերուած: Ան նոյնիսկ հաստատած է. «Չեմ գիտեր, արդեօք հանդիպումը վերջնականապէս հաստատուա՞ծ է»:

Ռուսիան առաջարկած է, Ուաշինկթընը վերջնական չէ հաստատած, Չինաստանը լուռ է:

Թէկուզ այս պատկերը, յամենայն դէպս նախադրեալները կը խօսին համաձայնող բուն կողմերու եւ շրջանցուող կողմերու մասին:

«Ա.»

Նախորդը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.