Երկու աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ երկուշաբթի օր անակնկալ Իսրայէլ այցելած է եւ հանդիպում ունեցած Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
Հեկսեթի այցելութիւնը տեղի ունեցաւ իսրայէլեան ընտրութիւններէն 8 օր առաջ, մինչ Իրանի դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութեան կարելիութեան շուրջ ամերիկեան-իսրայէլեան բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը իր կարգին երկու աղբիւրներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ Հեկսեթի Նեթանիահուի հետ ունեցած հանդիպումը տեւած է երկու ժամ:
Միւս կողմէ, Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Կան նշաններ, որոնք Իրանն ու անոր գործակատարները կ՛ուզեն ընտրութիւններէն առաջ Իսրայէլին մարտահրաւէր ուղղել»:


