Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն երաշխաւորել, որ Իրան հիւլէական զէնք պիտի չունենայ` աւելցնելով, որ որդեգրուած քայլերը պէտք էր տարիներ առաջ կիրարկուէին:
Թրամփ նշեց, որ իր երկիրը կրնայ հիմա հեռանալ, սակայն կ՛ուզէ Իրանի մէջ իր իրագործած արդիւնքներուն երկար գոյատեւումը երաշխաւորել:
Ան պատերազմին իր երկրին վրայ ունեցած հետեւանքները որակեց «չնչին գին»` Իրանը ամբաստանելով «ահաբեկչութեան հովանաւոր թիւ մէկ պետութիւնը» ըլլալու յանցանքով:
Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ «Կէս գիշերուան մուրճ» եւ «դիւցազներգական զայրոյթ» գործողութիւններուն ընթացքին քանդած են Իրանի հիւլէական հարստացման կարողութիւնը:
«Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմը, եւ Իրանի պատերազմը այսպէս կամ այնպէս պիտի աւարտին», շեշտեց Թրամփ:
«Մարդոց մեծամասնութիւնը կը կարծէ, թէ (Քոնկրեսի միջանկեալ) ընտրութիւններէն ետք Իրանի մէջ բան մը պիտի ընենք, տեսնենք թէ ի՛նչ պիտի պատահի», նշեց ան:
Աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին. «1 նոյեմբերին Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան զինուորական կարողութիւնը ամբողջովին պատրաստ պիտի ըլլայ»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնեցին, որ ամերիկեան եւ իսրայէլեան բանակները ընտրութիւններէն ետք Իրանի վրայ յարձակումներ շղթայազերծելու ծրագիրներ մշակած են:
Աղբիւր մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած է, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ճնշում կը բանեցնէ Իրանի մէջ հարուածները շարունակելու համար:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթին ներկայացուած է Իրանի վրայ հարուածներու շղթայազերծման համար թիրախներու ցուցակ մը` հիմնուելով հետախուզական տեղեկութիւններու վրայ:
Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց. «Իրանի հետ պատերազմի շարունակման հաւանականութիւնը կը բարձրանայ»:
Միւս կողմէ, ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ եւ լաւատեղեակ երկու անձեր ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ամերիկեան բանակը վերջին օրերուն սկսած է Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող իր ռազմակայաններուն մէջ իր ուժերու ներկայութիւնը հանդարտօրէն կրճատել, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցուցմունք տուած է շրջանին մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւններու պաշտօնեաներուն թիւը նուազեցնելու:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Փիկըթ հերքեց, թէ Ուաշինկթըն կը պատրաստուի Ծոցի տարբեր երկիրներու մէջ իր դեսպանատուներու կարգ մը պաշտօնեաներու եւ անոնց ընտանիքներուն այդ երկիրներէն հեռանալու հրաման արձակելու:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ պատերազմի հարցով կը գործակցի Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ Իրանի հարցին մէջ ներգրաւուածութիւնը կրնար զգալիօրէն աւելի մեծ ըլլալ, նոյնը կը վերաբերի Չինաստանին:
«Խօսքը համեմատաբար փոքր ներգրաւուածութեան մասին է: Իրականութեան մէջ այդ երկու երկիրներն ալ կ՛ուզեն, որ այս պատերազմը աւարտի: Եւ մենք Ռուսիոյ հետ ատով կը զբաղինք, Չինաստանը նոյնպէս կը մասնակցի», ըսաւ Թրամփ:


