Նախարարաց խորհուրդը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը` քննարկելու համար շարք մը կենսական թղթածրարներ, որոնք կը վերաբերին ելեւմտական, արդարադատական եւ վարչական ոլորտներուն:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի նախագահութեամբ գումարուելիք ժողովի օրակարգը կը ներառէ արդարադատութեան նախարարութեան Տահր Պայտարի եւ Քասր շրջանին մէջ գրաւուած պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարը եւ հետաքննութեան կողմէ այդ նիւթերուն հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցող ամէն անձ Դատական խորհուրդին փոխանցելու պահանջը:


