Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 23, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը վերաբերի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, երկրորդը` ԵԱՏՄ-Եւրոպական Միութիւն ընտրանքին: Առաջինը` հանրաքուէով որոշելի: Երկրորդին համար Մոսկուայէն կը պահանջուի հանրաքուէ կազմակերպել:

Սահմանադրութիւն փոխելու համար պարզ է, որ գործող իշխանութիւնը անհրաժեշտ քուէները չունի Ազգային ժողովին մէջ: Ըստ վարչապետին, կը քննարկուին բոլոր միջոցները փոփոխութեան հանրաքուէն իրականացնելու համար: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, ըստ տրուող պարզաբանումներուն, Ազրպէյճանի պահանջը չէ. իբրեւ թէ անոնք հաստատած են, որ Սահմանադրութիւնը Հայաստանի ներքին խնդիրն է: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Պաքուի դիրքորոշումն է, սակայն ոչ պահանջը: Այս բառախաղերը անշուշտ համոզիչ չեն: Ըստ էութեան, Պաքուն նախապայման դրած է խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ: Որ ի դէպ, միակ նախապայմանը չէ:

Փորձ կը կատարուի համոզելու, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը գործող իշխանութիւններու քաղաքականութեան առանցքային ելակէտային խնդիր է: Վարչապետին բառերով` պետականութեան յարատեւութիւնը  ապահովող անշրջանցելի քայլ: Ասկէ կը հասկցուի, որ եթէ ժողովուրդը մերժէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, ապա կասեցուած կ՛ըլլայ մեր պետականութեան յարատեւութեան ընթացքը: Ուստի, սահմանադրութեան փոփոխութեան դէմ քուէարկողները կը դառնան հակապետականներ եւ այսպէս շարունակ, նախկին վերագրումներով եւ մեղադրանքներով կը սպասուի ընտրարշաւային մշակոյթի նոր դրսեւորումներու շարք մը:

Ըստ յայտարարութիւններուն, չէ բացառուած, որ տեղի ունենան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ: Կայ սակայն այլ տարբերակ:

Ըստ Սահմանադրութեան յօդուած 204-ի.

Քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ հանրաքուէն

1.- Եթէ Ազգային ժողովը մերժում է Սահմանադրութեան 109-րդ յօդուածի 6-րդ մասով սահմանուած կարգով ներկայացուած օրէնքի նախագծի ընդունումը, ապա մերժումից յետոյ` վաթսուն օրուան ընթացքում, օրէնքի նախագծի ընդունման նախաձեռնութեանը ընտրական իրաւունք ունեցող եւս երեք հարիւր հազար քաղաքացու միանալու դէպքում նախագիծը դրւում է հանրաքուէի, եթէ Սահմանադրական դատարանը նախագիծը ճանաչում է Սահմանադրութեանը համապատասխանող:

Պարզ չէ տակաւին, թէ, ո՛ր ընտրանքին կը դիմէ ի վերջոյ իշխանութիւնը: Այս բոլորը ժամանակ կ՛ենթադրեն անշուշտ. խաղաղութեան պայմանագիրին ուղղութեամբ մինչ այդ կրնան բազմանալ Պաքուի նախապայմանները: Հիմա արդէն Պաքուն կը պահանջէ ամբողջական տեղեկանք անհետ կորսուած իր զինուորներուն մասին: Այս ամբողջականը ժամանակի երկարաձգումի համազօր պահանջ է:

Ի տարբերութիւն առաջին ջրբաժանին երկրորդը, ըստ Մոսկուայի յայտարարութիւններուն, շատ սպասելու դիրքին մէջ չէ: Բայց մինչ այդ նայինք Սահմանադրութեան համապատասխան յօդուածին:

Յօդուած 205. Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան հարցերով հանրաքուէները

Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով:

Այս բաժինը կրնայ հարցական ստեղծել, թէ օրինակ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը պէ՞տք է հանրաքուէով իր համաձայնութիւնը տայ: Իրաւականօրէն այդպէս չէ սակայն: Սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ վերպետական միութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան պարագային: «Եւ»-ին տեղ եթէ «կամ» ըլլար այդ պարագային հանրաքուէն անհրաժեշտ կ՛ըլլար: «Եւ»-ը այստեղ կը պայմանաւորէ, որ երկու առաջադրանքը համատեղ ըլլալու պարագային է, որ հանրաքուէն անհրաժեշտ կ՛ըլլայ: Այլապէս, Երեւանը որոշեց ԵԱՏՄ-ին անդամակցիլ առանց հանրաքուէի: Գործադիրի որոշումով եւ օրէնսդիրի վաւերացումով: Մոսկուայի կողմէ ԵԱՏՄ-Եւրոպական Միութիւն ընտրելու համար հանրաքուէ պահանջելը` ամէնէն բարձր մակարդակով, իրաւական հիմք չունի. խնդիրը քաղաքական է եւ ճնշումի միջոց պարզապէս:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր ընտրանքներու առջեւ կանգնած է: Քաղաքականօրէն կայ առնչութիւն երկու ընտրանքներուն միջեւ: Այս երկրորդի պարագային սակայն, ճնշումի եւ նոյնիսկ պահանջուած ժամկէտի նեղութեան մէջ կրնայ պատահիլ միակողմանի որոշումը կամ Երեւանի արտաքսումը ԵԱՏՄ-էն: ԵԱՏՄ-էն դուրս եւ Եւրոպական Միութենէն տակաւին շատ հեռու գտնուող Երեւանին ընտրանք որոշելու կարելիութիւնը չի մնար: Ընտրանք պարտադրելու հարցը կը դրուի տնտեսական հսկայական առաւելութիւններէ զրկելով մեր երկիրը, առանց երկրորդին կարելիութիւնները ապահոված ըլլալու:

Վերադառնանք առաջին ջրբաժանին եւ ըսենք, որ բացի քաղաքացիական ստորագրահաւաքէն, հանրաքուէին անհրաժեշտ քուէներ ապահովելու սահմանադրական պայմանական թիւը բաւական մեծ է (հանրաքուէի մասնակիցներու կէսէն աւելին, բայց ոչ պակաս, քան հանրաքուէներուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն մէկ քառորդը): Բայց ատիկա պարտադիր է, նոյնիսկ եթէ հանրաքուէն որոշուի Ազգային ժողովով:

Սահմանադրական այս արգելքներն ու խոչընդոտները սկզբունքով Երեւանը պէտք էր օգտագործէր արտաքին ճնշումներուն եւ այս պարագային Ազրպէյճանէն փոխանցուող պահանջներուն չենթարկուելու համար: Այդպէս չէ իրականութիւնը: Երեւանը իր քաղաքականութեան վերածած է Պաքուին պահանջածները` պետականութեան յարատեւութեան կարգախօսին տակ: Այս շրջածիրին մէջ ալ չի բացառուիր, որ իշխանութիւնները ձեռնարկեն արտահերթ ընտրութիւններու: Անոնք խորհրդարանի կազմութեան օրէն իսկ արդէն կը խօսին օտար պետութեան հիպրիտային յարձակումներու շնորհիւ խորհրդարան հասած ընդդիմութեան մասին:

Պետականութեան յարատեւութեան կարգախօսը պէտք է ընկալել այս բոլոր կեղծ օրակարգերով եւ ժողովուրդը պետականամէտ-հակապետական նոր բաժանարար գիծերու յառաջացման փորձերով:

Նախորդը

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.