Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան կողմերու 17-րդ խորհրդաժողովին` ՔՈՓ17-ին, բնիկ ժողովուրդներու եւ տեղական համայնքներու տաղաւարին մէջ ներկայացուած են աշխարհի տարբեր վայրերու բնիկ ժողովուրդներու խնդիրներն ու պատմութիւնները, բայց եւ այնպէս Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն մասին` ոչ մէկ բառ: Այս մասին կը գրէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Մինչ այդ ՔՈՓ17-ին ընթացքին կը քննարկուին նաեւ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքները` կենսաբազմազանութեան վերաբերեալ որոշումներու կայացման հարցով: Քենիայէն, Արժանթինէն, Նոր Զելանտայէն, Ֆիլիփեան կղզիներէն բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչ տարբեր խօսնակներ մամլոյ ասուլիսէն առաջ իրենց մայրենիով ողջունեցին, ապա յայտարարեցին, որ դէմ են ՔՈՓ17-ի առանցքային փաստաթուղթի նախագիծին մէջ ներառուած եզրաբանութեան, որուն մէջ բնիկ ժողովուրդները ներկայացուած են իբրեւ զուտ «այլ դերակատարներ»` ասիկա լուրջ յետընթաց նկատելով: Խօսնակները հարց տուին, թէ ինչո՞ւ զիրենք սկսած են ներկայացնել իբրեւ ոչ առանցքային դերակատարներ:

«ՔՈՓ17-ի այս նստաշրջանի հիմնական արդիւնքներէն մէկը պէտք է ըլլայ  հրաժարիլ «ազգային կառավարութիւններէն բացի այլ դերակատարներ» եզրոյթի գործածութենէն, որովհետեւ մենք պարզապէս «ոչ կառավարութիւն» չենք: Ես պարզապէս «ոչ կառավարութիւն» չեմ. ես բնիկ ժողովուրդի ներկայացուցիչ եմ: Մենք կիներ ենք, երիտասարդներ ենք, մենք դերակատարներ ենք: Հետեւաբար, պէտք է հրաժարինք «ազգային կառավարութիւններէն բացի այլ դերակատարներ» եզրոյթէն», ըսաւ Ֆիլիփեան կղզիներու ներկայացուցիչ Ճոճի Քարինէօ:

Քենիոյ ներկայացուցիչ Ռամսոն Քուրմուշու իր կարգին յայտարարեց. «Մենք իրաւատէրն ենք, ոչ թէ այլ դերակատարներ»:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը անոնց հարցուց արցախցիներուն ու անոնց իրաւունքներուն մասին` դիտել տալով, որ 2023-ին Ազրպէյճան բռնի տեղահանեց արցախցիները, ասոր իբրեւ հետեւանք ալ անոնք կորսնցուցին հասանելիութիւնը իրենց հայրենիքին, հողին ու ջուրին, բնութեան ու կենսաբազմազանութեան, մինչ այդ, ըստ անկախ հետազօտողներու, Ազրպէյճան հետեւողականօրէն կը վերացնէ նաեւ Արցախի մշակոյթը, այս տեղահանման պատճառով վտանգուած է նաեւ արցախցիներուն բարբառը: Արդեօք անոնց իրաւունքները որեւէ ձեւով քննարկուա՞ծ են:

Խօսնակներէն Ճենիֆըր Քորփուզը` Ֆիլիփեան կղզիներէն, ընդհանուր պատասխան տուաւ. «Առաջնորդներու խորհրդաժողովին ընթացքին մեր լսած նիւթերէն մէկը պատերազմի եւ տեղահանութեան ազդեցութիւնն էր կենսաբազմազանութեան պահպանութեան վրայ: Տեղահանութեան մասին մեզի ներկայացուած պատմութիւնը ծանօթ է նաեւ բնիկ ժողովուրդներուն: Մեզմէ շատեր տեղահանուած են իրենց հայրենի բնակավայրերէն` սովորաբար զինուած հակամարտութիւններու, պատերազմներու եւ նման այլ պատճառներով: Ասիկա ակնյայտօրէն կը խզէ կապը մեր հողին, աւանդական գիտելիքներուն եւ հողն ու կենսաբազմազանութիւնը պահպանելու մեր մեթոտներուն հետ: Ուստի ասոնք հարցեր են, որոնք պէտք է լուծում ստանան»:

Մինչ այդ, մերժուեցաւ արցախցիներուն տաղաւար տրամադրել ՔՈՓ17-ի կանաչ գօտիին մէջ: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Արցախի նախկին պետական նախարար, Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան:

Երեւանեան ՔՈՓ-ը համակարգող Շրջակայ միջավայրի նախարարութենէն յայտնեցին, որ արցախցիներուն դիմումը չէ ընդունուած, «քանի որ բնապահպանական օրակարգի թիրախային նիւթերէն դուրս եղած է»:

Մինչ արցախցիները ո՛չ կապոյտ, ո՛չ կանաչ գօտիներուն մէջ ներկայութիւն ըլլալու կարելիութիւն ունեցան:

«Չկայ կենսաբազմազանութեան պաշտպանութիւն` առանց մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը 20 հոկտեմբերին բողոքի ցոյց կազմակերպեց  ՄԱԿ-ի գրասենեակին ու տարբեր դեսպանատուներու դիմաց` պահանջելով համապատասխան քննարկումներու եւ դիւանագիտական խորհրդակցութիւններու ընթացքին բարձրացնել նաեւ Արցախի բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան հարցը, պահանջել Արցախի անտառներու, ջրային պաշարներու, կենսոլորտի եւ կենսաբազմազանութեան վիճակի անկախ միջազգային մշտադիտարկում, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն, ինչպէս նաեւ` աջակցիլ Արցախի բռնի տեղահանուած հայերու ապահով, կամաւոր, արժանապատիւ եւ կայուն վերադարձի իրաւունքի իրականացման:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան 17-րդ համաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 հոկտեմբեր:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

RelatedPosts

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.