Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի հարաւը գտնուող Գալիլիա քաղաքի արեւմտեան մուտքին  իսրայէլեան անցարգելի մը վրայ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը, որ աւելի քան 20 վայրկեան տեւողութեամբ բախումի վերածուեցաւ:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ բախումին մասնակից երկու անձեր սպաննած է եւ պաղեստինեան գիւղեր շրջափակած:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը ցուցմունք տուաւ կեդրոնական շրջանին մէջ ուժերը ամրապնդելու եւ Գալիլիա քաղաքին ու յաւելեալ գիւղերու շուրջ ապահովական օղակ հաստատելու:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ բախումէն ետք, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կուսակցութեան կոչ ուղղած է ընտրական ձեռնարկները ջնջելու:

Նեթանիահու յայտնեց. «Ապահովական ուժերուն ցուցմունք տուի Գալիլիա քաղաքը պաշարման ենթարկելու եւ Այսրյորդանանը ամբողջովին փակելու»:

«Մեր ուժերը Այսրյորդանանի մէջ լայնածաւալ յարձակումի մը արձանագրումը արգիլեցին», նշեց ան:

«Համասի զինեալներն ու անոնց ետին կանգնողները ամէնուր եւ ամէն ժամանակ պիտի հետապնդենք», յայտնեց Նեթանիահու:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, գործողութեան հեղինակները Գալիլիա քաղաքի բնակիչներ են:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ Գալիլիոյ մէջ յարձակումին պատճառով իսրայէլացի զինուոր մը սպաննուած է:

Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ 2 զինուորներ սպաննուած են եւ 3 ուրիշներ վիրաւորուած:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալէլ Սմոթրիչ յայտարարեց. «Ճիշդ ինչպէս Կազայի եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ, Յուդայի եւ Սամարիոյ մէջ (Այսրյորդանան, «Ա.») Պաղեստինեան իշխանութիւնը կազմաքանդելու, զէնքը հաւաքելու եւ ահաբեկիչները ոչնչացնելու համապարփակ զինուորական արշաւ մը անխուսափելի է»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յարձակումին համար պատասխանատու նկատեց Համաս շարժումը:

 

Նախորդը

Փութին Պատրաստ Է Եռակողմ Հանդիպումներուն, Համաձայն Չէ Առաջնագիծի Սառեցման Եւ Կը Մեղադրէ Քիեւը

RelatedPosts

Փութին Պատրաստ Է Եռակողմ Հանդիպումներուն,  Համաձայն Չէ Առաջնագիծի  Սառեցման Եւ Կը Մեղադրէ Քիեւը
Միջազգային

Փութին Պատրաստ Է Եռակողմ Հանդիպումներուն, Համաձայն Չէ Առաջնագիծի Սառեցման Եւ Կը Մեղադրէ Քիեւը

October 24, 2026
Յորդանանի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Վրայ Արձակուած  Կրակոցներէ 7 Մարդ Զոհուած Է, 34-ը` Վիրաւորուած
Գլխաւոր լուրեր

Յորդանանի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Վրայ Արձակուած Կրակոցներէ 7 Մարդ Զոհուած Է, 34-ը` Վիրաւորուած

October 24, 2026
«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.