Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 21, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահը Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին պաշտօնապէս փոխանցած է, որ Իսրայէլ չյարգեց Շրջագծային բանաձեւը: Իսրայէլ չէր յարգած նաեւ նախկին բոլոր պայմանաւորուածութիւնները եւ յատկապէս ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը:

Լիկայի ընդհանուր քարտուղարին արձագանգը դասական է, առ այն, որ Լիբանան – Իսրայէլ բանակցութիւնները կը վկայեն համաարաբական զօրակցութիւն:

Մեր հարցականը կը շարունակէ մնալ, այն առումով, որ եթէ նախկին համաձայնութիւնները պիտի չյարգուին Իսրայէլի կողմէ, ապա ի՛նչ տեսակի երաշխիքներ կան յարգել տալու նոր պայմանաւորուածութիւնները, եթէ կայանան անշուշտ:

Այս հարցադրումը բնականաբար կ՛արծարծէ համաձայնութեան երաշխաւորման նոր գործիքակազմի անհրաժեշտութիւնը, որ կը շարունակէ մնալ անորոշ: Միտումները այնպէս են, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը իբրեւ անվտանգային համակարգ նոր ժամկէտ պիտի չկարենայ ապահովել: ՖԻՆԻՒԼ-ի ձգած բացը լրացնելու խնդիրը եւս նոյնքան անորոշ է: Իսկ եթէ չկայ միջազգային համակարգումով անվտանգութեան վերահսկիչ միաւոր, հետեւաբար չկայ նաեւ թէական համաձայնութեան գործադրութիւնը երաշխաւորող գործիքակազմը: Այլ խօսքով, պարտադրող գործօն Իսրայէլի համար, որպէսզի յարգէ կայացած համաձայնութիւնները:

Քաղաքական խօսակցութիւնները կ՛ընթանան բազմազգ ուժեր յառաջացնելու յատուկ առաքելութեան մասին: Այստեղ եւս բարդ է խնդիրը, որովհետեւ այդ ուժերու բաղադրութեան շուրջ համաձայնութիւնը խիստ տարակուսելի է: Լիկայի ընդհանուր քարտուղարին փոխանցած համաարաբական զօրակցութիւնը այս առումով թէական է: Այդ զօրակցութիւնը անվտանգային բնոյթէն աւելի կրնայ վերաբերիլ տնտեսականին, որ իրականանալու համար կը սպասէ հիմնական համաձայնութեան: Թուրքիան ինքնաառաջադրուող երկիր է նման առաքելութիւն իրականացնելու համար, սակայն այդ մղումը կը բախի իսրայէլեան արգելքի` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն մրցապայքարը տարածաշրջանին մէջ: Այս պատճառով ալ քուլիսային, ոչ պաշտօնական քաղաքական շրջանակներու մէջ շշուկային հնչեղութեամբ կը լսուի Ազրպէյճանի անունը իբրեւ Իսրայէլի կողմէ ջերմօրէն ընդունուած պետութիւն: Մերժումի դիմաց մերժում տրամաբանութեամբ Ազրպէյճանը կը բախի Իրանի արգելքին եւ այսպէս շարունակ: Քաղաքական տրամաբանութեամբ ընկալելին այն է, որ անվտանգութեան վերահսկողութիւնը, խաղաղապահութիւնը կամ համաձայնութիւնը յարգել տալը երկրորդական նշանակութիւն ունի ճշդելի առաքելութեան: Հիմնականը տարածաշրջանին մէջ պետութիւններու փոխհակակշռման քաղաքականութիւնն է, այս պարագային բազմազգեան խաղաղապահութիւն իրականացնելու միտումով:

Իսրայէլ գլխաւոր ընդդիմացող է, որ Ֆրանսան ներառուի այս բաղադրութեան մէջ: Փարիզի ներկայացուցիչը իր փորձերը կը շարունակէ: Անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Պաապտայի մէջ կը յայտնէր, որ անհրաժեշտ է ստեղծել միջազգային նոր կառոյց մը` Լիբանանի գերիշխանութեան սատարելու, բանակի տեղակայման նպաստելու եւ խուսափելու անվտանգութեան բացի յառաջացումէն, որ կրնայ ծանրագոյն  հետեւանքներ ունենալ: Նախագահին արձագանգը այն էր, որ պաշտօնական Պէյրութը կ՛ուզէ երկարաձգել միջազգային ուժերու լիազօրութիւնը եւ անոնց անվտանգային առաքելութեան շարունակութիւնը, իսկ եթէ այդ մէկը անկարելի է, ապա պէտք է գոյացնել միջազգային որեւէ ձեւաչափ, որ լրացնէ այդ բացը:

Ֆրանսացի դիւանագէտին կատարած յայտարարութենէն կը հետեւցուի, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը սպառած է իր առաքելութիւնը իբրեւ ձեւաչափ: Անհրաժեշտ է ստեղծել միջազգային նոր կառոյց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը շարունակելու համար:

Այս յայտարարութեան դիւանագիտական ընթերցումը այն է, որ Ֆրանսան պատրաստ է ոչ միայն ներգրաւուելու միջազգային անվտանգային նոր կառոյցին, այլեւ ստեղծելու զայն:

ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը չերկարաձգելը, անվտանգային բաց ստեղծել է: Նոր ձեւաչափի ճշդումը անորոշ ձգելը հարցի քաշքշուք է: Տակաւի՛ն. ենթադրաբար կազմուելիք համակարգի ուժերու բաղադրութեան շուրջ համաձայնիլը վերը նշուած հանգամանքներով ապահովական գործընթացը առկախող երեւոյթ է:

Տեղ չի մնար այլ ուղղութեամբ մտածելու, այս բոլորը նկատի առած: Երբ չկայ համաձայնութիւն եւ անվտանգութիւնը վերահսկող գործիքակազմ, Իսրայէլ կը շարունակէ գրաւուած պահել լիբանանեան գերիշխան տարածքները, սպառնալ եւ հարուածել:

ՖԻՆԻՒԼ-ի մերժումը, նոր համակարգ չճշդելը եւ անոր բաղադրութեան շուրջ չհամաձայնիլը պարզապէս այս գոյավիճակը պահպանելու կը սատարեն:

«Ա.»

Նախորդը

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

October 21, 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի  Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու  Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

October 21, 2026
Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ  Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.