Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանանի Թագաւորին Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Ծայրայեղականութեան Աճը Լուրջ Վտանգներու Դիմաց Է Դրած Կրօններու Համակեցութիւնը» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սեպտեմբեր 9, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

king-of-jordan_90816

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն հետ միասին, չորեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ, Ալ Հիւսէյնիյա թագաւորական պալատին մէջ: Կարճ հանդիպումէն ետք ներկաները ճաշի հիւրը եղան Յորդանանի թագաւորին: Ճաշկերոյթին սկիզբը խօսք առնելով` Ապտալլա Թագաւորը ողջունեց համաժողովին գումարումը Ամմանի մէջ եւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարեւորութեամբ ընդգծեց շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Թագաւորին խօսքէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հինգ պատրիարքներ, որոնք անդրադարձան յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու դժուարութիւններուն ու մանաւանդ արտագաղթին:

Խօսք առաւ նաեւ վեհափառ հայրապետը եւ ըսաւ. «Ո՛չ միայն քրիստոնեայ համայնքները, այլ նաեւ Միջին Արեւելքը իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը կ՛ապրի»: Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադաձաւ երկու կէտերու. «Ա) Կրօններու եւ մշակոյթներու գոյակցութիւնը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց` նկատի ունենալով ծայրայեղական շարժումներու աճը եւ տարածումը` երեւոյթ մը, որ միայն Միջին Արեւելքին յատուկ չէ, այլ նաեւ արեւմտեան աշխարհին: Բ) Ահաբեկչութիւնը դարձեալ միայն Միջին Արեւելքին առնչուած երեւոյթ մը չէ, այլ նաեւ` համամարդկային: Հետեւաբար, պետութիւններ, կրօններ եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ միացեալ ու հաւաքական ուժով պէտք է արմատախիլ ընեն այս չարիքը ընկերութեան կեանքին մէջ: Յաճախ մենք ախտանշանները յաղթահարելու մասին կը մտածենք` մոռնալով անոնց տուն տուող պատճառները»: Խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Ամմանի մէջ երկու պատգամ կը փոխանցէ աշխարհին` ա) Քրիստոնէութիւնը կապուած կը մնայ Միջին Արեւելքին` հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն եւ բ) համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը հարստացուցիչ երեւոյթ մըն է:

Յայտնենք, որ հոգեւոր պետերուն կողմէ արտասանուած խօսքերուն առանձնաբար պատասխանեց Ապտալլա Բ. թագաւորը:

Օր մը առաջ, Յորդանանի թագաւորին հօրեղբօր որդին` Իշխան Ղազի, ներկայ գտնուեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն ու մասնակիցներուն ի պատիւ տրուած պաշտօնական ընթրիքին եւ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն` իր կարգին շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Անդրադարձ. Զինուորական Ծառայութիւն Եւ Դրօշակի Արարողութիւն

Յաջորդը

«Անգարա Պէտք Է Յեղաշրջումի Փորձին Մասնակից Անձերու Հետապնդման Համար Ապացոյցներ Ներկայացնէ» Կ՛ըսէ Եակլանտ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?