9 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականին, ինչպէս նաեւ Արցախի վերաբերող տարբեր հարցերու:
Ըստ անոր, արտաքին ու ներքին այն մարտահրաւէրները, որոնք ծառացած են ժողովուրդին դիմաց, թոյլ չեն տար սպասել մինչեւ 2017 թուական` խորհրդարանական ընտրութիւնները, եւ խորհրդարանական կառավարման համակարգին սահուն անցնելու համար ճիշդ է, որ այսօր իսկ սկսին փոփոխութիւնները: Ռուստամեան դիտել տուած է, որ ատիկա նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կարելիութիւն պիտի տայ` աշխատելու նոր կառավարութեան ծրագիրին վրայ, որպէսզի անիկա համահունչ ըլլայ քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիրին հետ, որ կնքուած է Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ:
«Մեր հասարակութեան զգալի մասը չունի այդ համբերութիւնը եւ չի պատկերացներ, որ 2017-ին բարեփոխումները պիտի բերեն այն նպատակներու իրականացման, որոնք շատերը իրենց մտքերուն մէջ այսօր ունին: Մենք համոզում ունէինք, որ ոչինչ կը խանգարէ մեզ փոփոխութիւնները այսօր սկսելու: Պէտք է նոր սկիզբի հիմքեր դնել, մարդոց մօտ յոյսեր արթնցնել: Այդ շրջագիծին մէջ ես կը գնահատեմ Յովիկ Աբրահամեանի քայլը` հրաժարականը, եւ յոյս ունիմ, որ նոր վարչապետը, որ բանիմաց, պարկեշտ, կիրթ եւ իր գործը լաւ գիտցող անձնաւորութիւն է, ունի ժամանակակից մտածելակերպ եւ կրնայ առաջնորդել փոփոխութիւնները», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ Ռուստամեանի, նոյնիսկ միայն 8 ամսուան համար վարչապետ նշանակելը փոփոխութիւններու հրամայականն է, որ արտացոլաց թէ՛ Սերժ Սարգսեանի, եւ թէ՛ Յովիկ Աբրահամեանի ելոյթներուն մէջ: Ան աւելցուցած է, որ բոլորն ալ կը գիտակցին, որ բարեփոխումներու հոլովոյթը արագացնելու անհրաժեշտութիւն կայ:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը վարչապետին ու կառավարութեան փոփոխութիւնը կը կատարէ ընտրութիւններու նախաշեմին` իր վարկը բարձրացնելու համար, Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ ատիկա բնական է:
Անոր կարծիքով, Հայաստանի մէջ գտնուած են իշխանաւորներ, որոնք ամբողջովին անտեսած են իրենց վարկանիշի բարձրացման խնդիրը` այն համոզումով, որ «իրենց դէմ խաղ չկայ», ինչպէս ալ գործեն: Բայց հիմա իշխանութիւնները հասկցած են, որ իրավիճակը փոխուած է, եւ իշխանութիւնը պահելու համար պէտք է մտածեն իրենց վարկի բարձրացման մասին եւ համապատասխան քայլեր առնեն: «Այս անգամ, անձերու փոփոխութենէն զատ, պէտք է փոխուի նաեւ բովանդակութիւնը` խաղի կանոնները, ներիշխանական յարաբերութիւնները», հաստատած է Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ նոր վարչապետը արդեօք պիտի կարենա՞յ պայքարիլ սակաւապետական տնտեսութեան դէմ` Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ նման պայքար մէկ հոգի չի կրնար տանիլ, որովհետեւ անհրաժեշտ է համակարգի փոփոխութիւն, որ պիտի առաջնորդէ գործառնութեան եւ սակաւապետութեան տարանջատման, ինչ որ ՀՅԴ-ՀՀԿ քաղաքական համագործակցութեան հիմնական պահանջներէն մէկն է: Այդ խնդիրները, ըստ Ռուստամեանի, կրնան ցաւոտ ըլլալ, բայց աստիճանաբար պէտք է սկսիլ, որպէսզի Հայաստանի մէջ ամբողջովին անջատուած ըլլան սակաւապետութիւնն ու տնտեսութիւնը:
«Մենք հարուստներուն դէմ չենք, մենք դէմ ենք ապօրինի հարստացման: Եւ եթէ մարդիկ կը հարստանան, թող երթան` իրենց գործով զբաղին, իսկ քաղաքականութիւնը պէտք է անջատուի ատկէ: Քաղաքականութիւնը պէտք է հետապնդէ ոչ թէ սակաւապետութեան, այլ բոլորին շահերը», դիտել տուած է Արմէն Ռուստամեան:
Լրագրող մը հարցուցած է, թէ կառավարութեան հրաժարականէն ետք ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենան Դաշնակցութեան նախարարութիւնները. Ռուստամեան ըսած է, որ անոնց թիւը չի պակսիր, որովհետեւ քաղաքական համագործակցութեան յուշագիրը տակաւին կը գործէ, ուժի մէջ է: Աւելի՛ն` այդ յուշագիրը հեռանկարային է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ տեղեկացած են վարչապետին փոփոխութեան մասին, Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ փոփոխութիւններուն մասին միշտ ալ խօսուած է համախոհական կառավարութեան նիստերուն:
Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է նաեւ Արցախի հետ ռազմական փոխօգնութեան: Արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուները կը հաստատեն, որ այդ առնչութեամբ պայմանագիրը մշակման փուլի մէջ է: Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, ռազմական փոխօգնութեան պայմանագիրը այն պահանջներէն է, զոր Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ, որովհետեւ անիկա պիտի լուծէ Հայաստան-Արցախ միասնական անվտանգութեան ու պաշտպանական համակարգի հարցը, որ պիտի դրուի իրաւական հիմերու վրայ:
«Այդ պայմանագիրով պէտք է ամրագրուի Հայաստանի երաշխաւորի կարգավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ու անվտանգութեան հարցին մէջ, ատիկա շատ կարեւոր է», հաստատած է Ռուստամեան:
«Արդեօ՞ք մտահոգիչ չէ այդ պայմանագիրի ստորագրման ձգձգումը Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ» հարցումին պատասխանելով` Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ ատիկա մտահոգիչ է: Պայմանագիրը պէտք է արագօրէն ստորագրուի, մանաւանդ` ապրիլեան պատերազմէն ետք, երբ նախագահը արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնարարեց մշակել զայն:
«Ես չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ կը ձգձգուի այդ պայմանագիրին ստորագրումը, բայց ատիկա պէտք է տեղի ունենայ, երկրորդ կարծիք կարելի չէ ունենալ: Հայաստանի կողմէ Արցախի պաշտպանութիւնը պէտք է ամրագրուի իրաւականօրէն», հաստատած է Արմէն Ռուստամեան: