Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Լեւոն Մկրտչեան ընդունած է Վրաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կիորկի Սականելիծէին:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն:
Շնորհաւորելով նոր նշանակուած դեսպանը Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն սկսելու առիթով` Մկրտչեան համոզում յայտնած է, որ կրթութեան մարզին մէջ բարեկամ Վրաստանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները զարգացման նոր մակարդակ պիտի ունենան:
«Վրաստանի հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները ոչ միայն աշխարհագրական դիրքով պայմանաւորուած են, այլ նաեւ դարերու ընթացքին մեր երկու ժողովուրդներու պատմական միացեալ ընթացքով, որ իր արտացոլումը գտած է նաեւ կրթութեան մարզին մէջ», նշած է Լեւոն Մկրտչեան: Նախարարի պաշտօնակատարը դրացի Վրաստանին հետ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կարեւոր նկատած է ընդհանուր կրթական տարածքին մէջ գործունէութեան աշխուժացումն ու յոյս յայտնած, որ յառաջիկային նոր ուղիներ մշակուին միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով կրթութեան մարզին մէջ առկայ համագործակցութեան առնչութեամբ` դեսպան Կիորկի Սականելիծէն կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն աշխուժ զարգացման գործին մէջ կրթութեան դերակատարութիւնը:
Կրթութեան համակարգին մէջ երկու երկիրներու հետագայ համագործակցութեան ուղիները քննարկելու նպատակով յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Լեւոն Մկրտչեանի պաշտօնական այցելութիւնը Վրաստան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ այդ այցելութեան հետ կապուած կազմակերպչական հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Վրաստանի մէջ գործող հայկական դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման, տեղեկատուութեան փոխանակման, միջհամալսարանական համագործակցութեան, դասագիրքերուն, օտար լեզուներու խորացուած ուսուցման, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան մարզերուն մէջ միացեալ ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցերուն: