Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 սեպտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ լը Ռուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ հանրապետութեան նախագահը ողջունած է ֆրանսացի խորհրդարանականներուն հերթական այցելութիւնը Հայաստան եւ ընդգծած, որ Հայաստան հպարտ է Ֆրանսայի հետ իր առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններով ու ջերմ բարեկամութեամբ, որուն զգալիօրէն կը նպաստէ միջխորհրդարանական սերտ փոխգործակցութիւնը: «Ի դէմս պարոն լը Ռուի, կ՛ուզեմ շեշտել Ֆրանսայի բազմաթիւ խորհրդարանականներու հետեւողական աշխատանքը, որ երկրի խորհրդարանին մէջ կը ծառայէ ինչպէս հայ-ֆրանսական միջխորհրդարանական կապերու սերտացման, այնպէս ալ առհասարակ միջպետական համագործակցութեան ամրապնդման», նշած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է բարեկամ Ֆրանսային` Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն մէջ միշտ մեր երկրին սատարելու համար: Այդ շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահը անուրանալի նկատած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ Ֆրանսայի ներդրումը եւ խորին երախտագիտութիւն յայտնած է իշխանութիւններուն ու ֆրանսացի ժողովուրդին` կարեւոր նկատելով Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը:
Գոհունակութեամբ խօսելով պարբերական դարձած փոխադարձ այցելութիւններուն եւ աշխուժ շփումներուն մասին` նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու օրակարգը այնքան ծաւալուն է, որ նոյնիսկ յաճախակի հանդիպումներու ժամանակ բազմաթիւ կարեւոր եւ օգտակար հարցեր կան քննարկուելիք:
Պրիւնօ լը Ռու Հայաստանի նախագահին փոխանցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ջերմ ողջոյնները, եւ արդէն աւանդական դարձած հանդիպման ժամանակ քննարկուած են հայ-ֆրանսական միջխորհրդարանական փոխադարձ գործակցութեան խորացման կարելիութիւններն ու երկու բարեկամ պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած քայլերը:
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընկերվարական խմբակցութեան նախագահը ջերմութեամբ յիշած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ անցեալ տարի իր գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը, որուն ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդարանականներուն խնդրանքով ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթն ու նպատակը: Պրիւնօ լը Ռու նշած է, թէ ուրախ է տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս բարեփոխումներու գաղափարը այն ժամանակ այդքան ջերմեռանդօրէն պաշտպանող Հայաստանի նախագահը այսօր ալ կը շարունակէ հետեւողականօրէն ընթանալ այդ ճամբով: Ֆրանսացի պատգամաւորները հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ հաստատութենական բարեփոխումներու կենսագործման վերաբերեալ նախագահ Սարգսեանի տեսակէտներով:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է Ֆրանսայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ եւ աշխուժ դերակատարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ` յատկապէս կարեւոր նկատելով հայ ժողովուրդի բարեկամ նախագահ Հոլլանտի անձնական ջանքերուն ներդրումը բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու գործին մէջ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Շարլ Փափազեան` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, եւ Յարութ Մարտիրոսեան` Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան:
Հանդիպում` Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 9 սեպտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ Լը Ռուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Ողջունելով հիւրերը Հայաստանի խորհրդարանին մէջ` Գալուստ Սահակեան գոհունակութեամբ նշած է, որ նմանատիպ այցելութիւնները կը նպաստեն հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու աւելի խորացման ու զարգացման:
Ազգային ժողովի նախագահը, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, կարեւոր նկատած է պատուիրակութեան` նախորդ տարի Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ Գալուստ Սահակեան գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ երկու պարագաներուն ալ Հայաստանը միշտ ստացած է ֆրանսացի գործընկերներուն աջակցութիւնը: Ազգային ժողովի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը հետեւողական ըլլայ նոր օրինագիծի ներկայացման եւ ընդունման հարցին մէջ:
Խորհրդարանի նախագահը, դատապարտելով Փարիզի եւ Նիսի մէջ, ինչպէս նաեւ մինչ այդ տեղի ունեցած դաժան ահաբեկչական գործողութիւնները, վստահեցուցած է, որ Հայաստանը մշտապէս բարեկամ Ֆրանսայի կողքին է:
Ազգային ժողովի նախագահը, բարձր գնահատելով բարեկամական խումբերու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, կարեւոր նկատած է անոնց ղեկավարներուն մեծ ներդրումը միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրիւնօ լը Ռու, շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, որ Ֆրանսա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարեկամական են, եւ իրենք ուրախ են Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակը տօնելու օրերուն այստեղ գտնուելու համար: Պատուիրակութեան ղեկավարը, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, նշած է, որ կը կատարուի ամէն ինչ` ընդունելու օրէնք, որ կ՛ամբողջացնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու կը քրէականացնէ ժխտումը:
Պատուիրակութեան ղեկավարին խօսքով` իրենք անհանգստացած են Ազրպէյճանի քաղաքականութեամբ, որուն ապացոյցն էր նաեւ ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը, որ դարձաւ բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ: Ան նշած է, որ իրենք անցեալ տարի եղած են շփման գիծին վրայ եւ ծանօթացած են բնակիչներու խնդիրներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են օգնելու արցախցի երիտասարդներուն: Ըստ անոր, այսօր այդ ծրագիրները իրականութիւն կը դառնան:
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուած է հայ-ֆրանսական տնտեսական յարաբերութիւններու սերտացումը, անդրադարձ կատարուած է մեր երկրին մէջ իրականացուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Շարլ Փափազեան` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, եւ Յարութ Մարտիրոսեան` Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբի նախագահ: Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը: