Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը Յատուկ Ձեւով Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան

Սեպտեմբեր 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

mecc-general-assembly-discusses-the-armenian-genocide

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովի նիստերուն ընթացքին յատուկ անդրադարձ եղաւ հայ ժողովուրդին ու Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող այլ քրիստոնեայ համայնքներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յիշեցուց համաժողովի մասնակիցներուն, թէ ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ ժառանգորդն է Օսմանեան թուրք կայսրութեան, ոչ միայն չի ստանձներ իր նախնիներուն կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւններուն պատասխանատուութիւնը, այլեւ կը շարունակէ նոյն ոճով ու քաղաքականութեամբ գործել Միջին Արեւելքի մէջ եւ ամէն ճիգ կը թափէ մասնատելու մեր ընկերութիւնը: «Մեր օրերուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կատարուող ցեղասպանութիւնները կը հրահրուին 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Օսմանեան թուրք  կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Այս քննարկումներուն լոյսին տակ, համաժողովին մասնակիցները ժողովի փակման յայտարարութեան մէջ յատուկ տեղ տուին հայ ժողովուրդին եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ 100 տարի առաջ գործադրուած ցեղասպանութեան: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Համաժողովը բացարձակապէս կը մերժէ ամէն տեսակի ծայրայեղականութիւն, ահաբեկչութիւն ու ժխտողականութիւն եւ կը դատապարտէ Օսմանեան թուրք կայսրութեան կողմէ հայ, ասորի, քաղդէացի ու յոյն ժողովուրդներուն եւ Լեռնալիբանանի քրիստոնէութեան դէմ գործադրուած 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը, անոնց իրենց պապերու հողերէն արմատախիլ ընելն ու տեղահանումը: Համաժողովը կը հաստատէ խաղաղ համակեցութեան կարելիութիւններու ստեղծման կարեւորութիւնը եւ գաղթականներու տունդարձի ապահովման անհրաժեշտութիւնը: Համաժողովը կ՛առաջարկէ, որ նորընտիր Գործադիր վարչութիւնը հոգեւոր պետերէ կազմուած պատուիրակութիւն մը կազմէ, որպէսզի անոնք քրիստոնեայ թէ իսլամ կրօնական կարեւոր կեդրոններ, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցող պետութիւններ այցելեն` բացատրելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն վիճակը եւ փորձ կատարեն մնայուն լուծումներ գտնելու»:

 

Նախորդը

Հայաշխարհի Մամլոյ Ներկայացուցիչները` Իրանի Մէջ

Յաջորդը

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Ընթացք Առած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Անդրադարձող Դասընթացքը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?