Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «Եթէ Արցախի Ժողովուրդին, Արցախին Բան Մը Պատահի, Իւրաքանչիւր Թիզ Հողին Համար Մենք Պիտի Պայքարինք»

Սեպտեմբեր 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ohanian_91116

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեան 10 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող հանդիպումներուն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մասնակցութեամբ ընթացող քննարկումներուն, նշած է, թէ իր ակնկալութիւնն է, որ խնդիրը լուծուի միայն խաղաղ ու քաղաքական ուղիով: «Մեր դիւանագիտութեան համար պատասխանատու են համապատասխան կառոյցներ, որոնք ամբողջական կերպով կը տիրապետեն բանակցային ամբողջ հոլովոյթին: Հանդիպումներէն մեր ակնկալիքը մէկ է, որ մեր կողմէ առաջադրուած տարբերակը կատարուի, այսինքն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուի միայն ու միայն քաղաքական, խաղաղ պայմաններու մէջ, երկխօսութեան միջոցով, փոխադարձ համաձայնութիւններու ու կարեւորագոյնը` վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ծիրին մէջ», ըսած է Օհանեան:

Անդրադառնալով տագնապի լուծման համար հողերու յանձնումին վերաբերեալ շրջան ընող զրոյցներուն` Օհանեան նշած է. «Այս իրավիճակին մէջ, երբ շատ դժուար է հակառակորդին հետ ­լեզու գտնելը, մանաւանդ` քառօրեայ պատերազմէն ետք, սադրանքներու տարողութեան սաստկացումը նկատի ունենալով, կրնանք ըսել, որ շփման գիծին մէջ վստահութեան մթնոլորտի կազմութեան առնչութեամբ  մերժումը կը շարունակուի: Ատիկա մեզի կարելիութիւն կու տայ ըսելու, որ մինչեւ չհաստատուի վստահութեան մթնոլորտ, մենք չենք կրնար խօսիլ փոխադարձ համաձայնութիւններու մասին: Եթէ Արցախի ժողովուրդին, Արցախին բան մը պատահի, իւրաքանչիւր թիզ հողին համար մենք պիտի պայքարինք», հաստատած է նախարարը` աւելցնելով նաեւ, որ վերջին շրջանին շփման գիծին մէջ լարուածութեան միտումներ չկան. «Կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս կը կատարուի»:

Օր մը առաջ` 9 սեպտեմբերին նախարար Օհանեան հանդիպում ունեցած էր ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն մասնակցած կամաւորական կարգ մը ջոկատներու հրամանատարներուն հետ:

Ողջունելով հիւրերը` Սէյրան Օհանեան շեշտած է, որ անգնահատելի է հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին համար կամաւոր զինուորագրուած հայորդիներուն դերակատարութիւնը թէ՛ արցախեան ազատամարտի տարիներուն, եւ թէ՛ ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն ընթացքին:

Կարեւոր նկատելով կամաւորական ջոկատներու հրամանատարներու, աշխարհազօրայիններու եւ շարք մը հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան շարունակականութիւնը` պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ անհրաժեշտ է ընել ամէն ինչ որ կարելի է` մարտական գործողութիւններու մասնակիցներու սխրանքն ու հայրենանուէր գործունէութիւնը մնայուն կերպով հասարակութեան ներկայացնելու, երիտասարդ սերունդը անոնց օրինակով ոգեշնչելու եւ դաստիարակելու համար:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն մասնակցած անձերուն մարտական գործողութիւններուն մասնակիցի կարգավիճակի տրման ընթացակարգի հետ կապուած օրէնսդրական եւ իրաւական շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարուած է կամաւորականներուն հետ տեղի ունեցած նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուած խնդրայարոյց հարցերուն ու ներկայացուած առաջարկներուն:

Նախորդը

Արցախ. Խորհրդակցական Հանդիպում` ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Անիմաստ Գտաւ Իր Նստացոյցը Շարունակելը. ՀՅԴ-ն Լուսաբանութիւններ Կը Պահանջէ Աղբի Տագնապի Լուծման Մեքանիզմներուն Շուրջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?