Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան. «Իւրաքանչիւր Ժամանակ Իր Խնդիրները Ունի, Ու Այդ Խնդիրները Լուծելու Համար Անհրաժեշտ Են Նոր Մարդիկ»

September 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_90816

Հրաժարական ներկայացուցած վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան գործադիր մարմինի կառավարումը ստանձնեց բաւական բարդ ժամանակահատուածի մը մէջ: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին  ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

Աղուան Վարդանեան նշեց, որ «պարտադիր չէ գացողին ետեւէն վատ խօսել» ու նկատեց, որ Յովիկ Աբրահամեան այս երկու տարիներուն  ընթացքին հիմնական գործառոյթները սահուն կերպով կրցաւ  իրականացնել:

«Արմատական այն խնդիրները, որոնք դրուած էին վարչապետին առջեւ, ձեւակերպուած էին նոր սահմանադրութեամբ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն-ՀՅԴ համագործակցութեան յուշագիրով, որակական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան  յանգեցուցած էին: Նպատակը այս է` նոր որակ հաղորդել կառավարութեան գործունէութեան: Նշանակուելիք վարչապետը իմ գնահատումով եռանդուն է, կազմակերպական մեծ կարողութիւններ ունի, ժամանակակից մտածողութիւն, կրնայ հարցերը ձեւակերպել, լուծել, ուստի համոզուած եմ, որ Կարէն Կարապետեանը պիտի կարենայ նոր կառավարութեան համախմբուած աշխատանքով երկրին մէջ իսկապէս դրական ակնկալիքներ յառաջացնել», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Վարդանեան շեշտեց, որ վարչապետի հերթական փոփոխութեան մէջ փոփոխութիւն տեսնել պէտք չէ, որովհետեւ անհրաժեշտ են նոր մօտեցումներ, նոր որակի կառավարութիւն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Յովիկ Աբրահամեանի կառավարութիւնը չէ՞ր կրնար լուծել այդ նոր խնդիրները, Վարդանեան նշեց. «Կը կարծեմ` իւրաքանչիւր ժամանակ իր խնդիրները ունի, ու այդ խնդիրները լուծելու համար անհրաժեշտ են նոր մարդիկ, նոր մտածողութիւն… Կան ձեւաւորուած յստակ դրուած խնդիրներ, խաղի կանոններու նշաններ եւ  այդ խնդիրները իրագործելու համար նոր վարչապետը պիտի կարենայ լաւ  խումբ մը ձեւաւորել»:

Անդրադառնալով կառավարութեան մէջ Դաշնակցութեան ստանձնած նախարարութիւններուն, «Թերթ»-ը հարցուց` արդեօք այդ  երեք պաշտօնները պիտի պահպանուի՞ն: Աղուան Վարդանեանը պատասխանեց, որ նոր քննարկում այդ նիւթով տակաւին չեն ունեցած, բայց համոզում յայտնեց, որ իրենց նախարարները կը շարունակեն պաշտօնավարել, որովհետեւ «գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատին»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականը ազգային համաձայնութեան կառավարութեան շրջագիծին մէ՞ջ էր, որուն մասին կը խօսէր նախագահ Սերժ Սարգսեան, Աղուան Վարդանեան այսպէս արձագանգեց. «Կը կարծեմ, որ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը պիտի ձեւաւորուի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, նոր սահմանադրութեան պայմաններուն մէջ: Ես գրեթէ վստահ եմ, որ յաջորդ խորհրդարանին մէջ որեւէ քաղաքական ուժ բացարձակ մեծամասնութիւն պիտի չունենայ, ու մենք պիտի կարենանք որեւէ հարց քննարկումներու, բանավէճերու արդիւնքով լուծել»:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ նոր ձեւաւորուելիք կառավարութիւնը պէտք է ունենայ նոր որակ եւ օժտուած ըլլայ նոր մօտեցումներով:

Խօսելով վարչապետի ամէնէն հաւանական թեկնածու Կարէն Կարապետեանի մասին` Վարդանեան ըսած է, թէ 99 առ հարիւր ան պիտի ըլլայ նոր վարչապետը. «Նոր մօտեցումներ, նոր որակ անհրաժեշտ են: Արդէն 99,9 առ հարիւրով նշանակուելիք նոր վարչապետը` Կարէն Կարապետեանը մենք գիտենք իբրեւ եռանդուն, ժամանակակից մտածողութեամբ, բարդ խնդիրներ առաջադրելու, ձեւակերպելու ու լուծելու ընդունակ եւ լաւ կազմակերպիչ` իր նախորդ աշխատանքային փորձառութեամբ: Յոյսով ենք, որ ան` նոր վարչապետը, կարենայ ալ աւելի համախմբել եւ կառավարութեան արդիւնաւէտութեան նոր որակ հաղորդել»:

Աղուան Վարդանեան յայտարարած է, որ նոր կառավարութեան մէջ Դաշնակցութիւնը պիտի պահէ իր նախարարական ներկայացուցչութիւնը այնքանով, որքանով արդէն ունէր լիազօրութիւնները վար դրած կառավարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Մամետեարով Ֆրանսայի Մէջ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

Յաջորդը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Հրաժարեցաւ. Հանրապետական Կուսակցութիւնը Կարէն Կարապետեանի Թեկնածութիւնը Առաջադրեց Վարչապետի Պաշտօնին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.