Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Անիմաստ Գտաւ Իր Նստացոյցը Շարունակելը. ՀՅԴ-ն Լուսաբանութիւններ Կը Պահանջէ Աղբի Տագնապի Լուծման Մեքանիզմներուն Շուրջ

Սեպտեմբեր 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

28575717774_8c9b8ddff2_c

Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր Պուրճ Համուտի աղբանոցի մուտքին բողոքի բաց նստացոյցի վրաններու լարումէն ետք, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնն ու կենսոլորտի պաշտպանութեան քաղաքացիական կազմակերպութիւնները երէկ առկախեցին իրենց նստացոյցը:

Այս որոշումին հետեւեցաւ այն հաւանականութիւնը, թէ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ կրնայ անմիջական խորհրդակցութեանց ձեռնարկել պատկան կողմերուն հետ` տագնապի լուծման փութացման համար:

«Ապակեդրոնացման շոգեկառքին մեկնարկը տրուեցաւ, եւ ոչ ոք կրնայ կանգնեցնել անոր ընթացքը, որովհետեւ անիկա փտածներէն աւելի զօրաւոր է», երէկ յայտարարեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան եւ մասնակցեցան իրենց բողոքի նստացոյցին: Մամլոյ ասուլիս մը տալով` երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ վերահաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց պայքարը փտածութեան դէմ, եւ թէ այս մէկը սոսկ երկրորդ կարգի ընկերային պայքար չէ, այլ` քաղաքացիին առօրեային եւ առողջութեան առնչուող ճակատագրական առաջնակարգ մտահոգութիւն է:

«Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդելով նստացոյցի առկախման լուրը, հարց տուաւ, թէ արդեօք ան իր ետին կը թաքցնէ՞ «ծածուկ թելեր»:

Ձայնասփիւռի «Սաութ Լուպնան» կայանը, իր կարգին արձագանգելով նստացոյցի առկախման որոշումին, յայտնեց, թէ անոր գործադրութեան ամբողջացումը կախեալ է այսօր` երկուշաբթի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դրսեւորելիք կեցուածքէն: Ըստ նոյն աղբիւրին, կ՛ակնկալուի, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւս իր կեցուածքը դրսեւորէ այս գծով: Իսկ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը երեկոյեան լուրերով հաղորդեց, որ ՀՅԴ-ն նստացոյցի առկախման որոշումի լոյսին տակ պատասխաններ կը սպասէ կարգ մը առկախ հարցերու գծով: Արդարեւ, «Էլ.Պի.Սի.»-ի հարցումներուն պատասխանելով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան հաստատած է ՀՅԴ-ի դրական գործակցութեան պատրաստակամութիւնը` միաժամանակ լուսաբանութիւններ սպասելով կարգ մը հարցումներու գծով, յատկապէս ինչ կը վերաբերի.

– Կուտակուած աղբակոյտերու փողոցներէն հաւաքման գործնական քայլերուն, թէ անոնք ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի ամբարուին, յատկապէս նկատի առնելով այն, որ այլեւս կարելի չէ տեսակաւորել այդ աղբերը: Կուսակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ ներկայիս փողոցը գտնուող աղբերուն մուտքը Պուրճ Համուտի մթերման վայրը:

– Պուրճ Համուտի առժամեայ մթերման վայրին մէջ մթերումի հարցը: Արդարեւ, մէկ ամսուան առկախումը կը նշանակէ մէկ ամսուան յաւելեալ աղբեր կուտակել նոյն վայրին մէջ,  ուր առանց այդ ալ դժուարութիւն կայ յաւելեալ աղբեր ընդունելու: Աղբերու մթերման ժամանակաւոր վայրին մէջ յաւելեալ աղբերու ընդունման կարելիութիւն չկայ այլեւս:

– Երրորդ` աղբերու հսկողութեան կոչուած մարմինին գծով, թէ` որո՞նք մաս պիտի կազմեն սոյն յանձնախումբին, եւ ինչպէ՞ս պիտի կազմուի անիկա:

Նախորդը

Օհանեան. «Եթէ Արցախի Ժողովուրդին, Արցախին Բան Մը Պատահի, Իւրաքանչիւր Թիզ Հողին Համար Մենք Պիտի Պայքարինք»

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?