Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Դէպի Նոր Սահմանադրութեան Կենսագործում

Սեպտեմբեր 9, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sargsyan_garabedian_90816

Պետական բարձրագոյն օղակներէն հնչած յայտարարութիւններուն եւ առնուած քայլերուն միջեւ կայ, կ՛երեւի հետեւողականութիւն: Չէ բացառուած, որ փոփոխութիւններու միտող որոշումներու կայացումն ու անոնց գործնականացման ուղղութեամբ առնուած քայլերը արագացան յատկապէս յուլիսեան դէպքերէն ետք: Չմոռնանք սակայն, որ յուլիսեան դէպքերուն նախորդած քառօրեայ պատերազմը եւս ընթացքի արագացման մէջ իր դերը ունէր:

Ի վերջոյ համատարած համոզում էր եւ է տակաւին, որ արմատական փոփոխութիւններ պէտք են մեր երկրին` նոր որակ, նոր շունչ, նոր համակարգ եւ նոր աշխատակարգ ապահովելու համար:

Թէ՛ յուլիսեան դէպքերուն յաջորդած նախագահի խօսքին եւ թէ՛ վարչապետի իր հրաժարականին մասին կատարած յայտարարութեան մէջ կարմիր թելի նման կ՛երկարէր հասարակութեան մէջ երեւցած բեւեռացումը, անջրպետը չէզոքացնելու, կամրջումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս խիստ անհրաժեշտ հրամայականը գործնական քայլերու եւ օրինակներու կարիքը ունէր: Հասկնալի է նաեւ, որ ժողովրդային մակարդակի վրայ անմիջականութիւնն է պահանջուածը, Հիմա՛-ի ամբոխավարական ակնկալութիւնը տիրական է եւ երկարաշունչ ու հետեւողական ծրագիրները այնքան ալ ժողովրդականութիւն չեն գտներ:

Սակայն արտակարգ դէպքերը նաեւ արտակարգ միջոցառումներ կը պահանջեն, եւ Հիմա-ն դուրս կու գայ ամբոխային ակնկալութեան սահմաններէն եւ կը վերածուի պետական քաղաքականութեան:

Կառավարութեան փոփոխութիւնը Հիմա-ի տրամաբանութեան մէջ կ՛ընկալուի այս առումով: Նախագահը իր խօսքին մէջ ակնարկութիւն կ՛ընէր համակարգի եւ կառավարման աշխատակարգի փոփոխութեան` ընդգծելով, որ առաջադրուած է կազմել ազգային համաձայնական կառավարութիւն: Քաղաքագիտական հասկացողութեամբ համաձայնական կառավարութիւնը երկու պայմաններու մէջ ինքզինք զգալի կը դարձնէ. նախ այն, որ ընտրուած խորհրդարանը չի կրնար մեծամասնութիւն գոյացնել քանի մը ուժերու միջեւ կայացած ընտրական կամ քաղաքական դաշինքով եւ կը հարկադրուի համակողմանի համաձայնական կառավարութիւն կազմելու անշրջանցելի ընտրանքին, եւ երկրորդ, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ սուր ճգնաժամ, արտակարգ իրավիճակ, առ այդ` գործող մեծամասնութիւնը պատասխանատուութիւնը կ՛ուզէ բաժնեկցիլ այլ կարեւոր ուժերու հետ, որոնց ընդառաջումով միայն կը գոյանայ ազգային համաձայնական կառավարութիւնը:

Նոր սահմանադրութեամբ եւ նոր ընտրակարգով մեծ էր հաւանականութիւնը` յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, որոնք պիտի կայանան հարիւր առ հարիւր համամասնական դրութեամբ, համաձայնական կառավարութիւն կազմելու: Նախագահին նախանշային իմաստ ունեցող խօսքին մէջ կար սակայն նրբութիւն մը: Նոր կառավարութեան ձեւաւորումը ամիսներու խնդիր է. այդ կը նշանակէր, որ խորհրդարանական ընտրութիւներէն առաջ միջանկեալ առնուելիք քայլ կար. այդպէս ալ կ՛ընթանայ ըստ երեւոյթին:

Եղածը սակայն, այս պահուն, ըստ էութեան ազգային համաձայնական կառավարութեան ձեւաւորումը չէ, այլ դէպի առաջադրուած կառավարման համակարգ կարեւոր նախաքայլ առնելն է: Հիմա-ի քաղաքականութեան առաջին հանգրուանն է, գործնապէս:

Այս բոլորը, այլ հրամայականներու կողքին, ի վերջոյ կապուած են նոր սահմանադրութեամբ ձեւաւորուելիք միանձնեայ դրութենէ եւ  միակուսակցական գերակայութենէ հեռու մեր երկրի յաւելեալ ժողովրդավարացման, համակողմանի քաղաքական համակեցութեան եւ ատով իսկ համակարգային փոփոխութիւններ յառաջացնելու:

Զանգերը հնչած են արդէն, նախաքայլերը կ՛առնուին, եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի բարեփոխուած սահմանադրութեան կենսագործում: Եւ այս ընթացքը սկսած է այո. Հիմա՛:

Նախորդը

Հայաստան Նոր Փոփոխութիւններու Սեմին (Արդեօ՞ք)

Յաջորդը

Վոլոդիա Պապիկեան Եւս Տեղափոխուեցաւ Պելխաթուվ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?