1-3 Սեպտեմբեր` Լեռնային Ղարաբաղի 25-Ամեակի Նախաձեռնութիւններ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները պիտի սկսին 1 սեպտեմբերին եւ պիտի տեւեն մինչեւ 3 սեպտեմբեր ներառեալ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին համաձայն, տօնական նախաձեռնութիւնները ընթացք պիտի առնեն Արցախի դպրոցներէն, ուր պիտի տրուին «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է» նիւթով դասեր: Նոյն օրը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կայանան մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ, իսկ Ստեփանակերտի կեդրոնական օղակաձեւ...




















