Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, ընկերակցութեամբ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ սէյիտ Նասրալլայի քաղաքական խորհրդատու Հաժ Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր գործավար Ուաֆիք Սաֆա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Ներկաները ընդգծեցին նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին ջանքերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողցնել այդ իրադարձութիւնը` պահպանելով երկրին մէջ տիրող դրական մթնոլորտը:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է սէյիտ Նասրալլային շնորհակալութիւն յայտնել` նախագահական ընտրութեան հարցին լուծման մէջ անոր ցուցաբերած օժանդակութեան համար: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը բարի աւարտ մը ունեցաւ` հաստատելով, որ իրենք ազգային հարցերու իմաստով միշտ ալ վայելած են Հըզպալլայի օժանդակութիւնը:
Պքերքէի Մէջ
Երեկոյեան ժամը շուրջ 9:00-ին, զօր. Աուն ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն Ռայի պատրիարքին ներկայացուց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին վերաբերող զարգացումները, որոնք կանխեցին երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2016-ի նախագահական ընտրութեան նիստը:
Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ արձանագրուած այդ զարգացումներուն առնչութեամբ` աւելցնելով, որ ինք միշտ երեսփոխանական պլոքներէն պահանջած է իրենց կարծիքը յայտնել թեկնածութիւններուն վերաբերեալ, «որովհետեւ այդ կեցուածքն է, որ կ՛երաշխաւորէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որուն լիբանանցիները անհամբեր սպասած են»: