Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Տրամադրած Մարդասիրական Օժանդակութիւններէն Ցարդ Օգտուած Են 2728 Հալէպահայ Ընտանիքներ

October 22, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

aleppo_aid-102216

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի Հալէպի Գործադիր մարմինը կը տեղեկացնէ, որ ուրբաթ, 7 հոկտեմբեր 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով առաքուած «Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին ` խաղաղութեան մաղթանքներով» խորագիրը կրող բարեգործական մարդասիրական օժանդակութիւնները հասան Հալէպ:

40 թոն կշռող օժանդակութեան մէկ մասը տրամադրուած էր Լաթաքիոյ, Քեսապի, Թարթուսի եւ Դամասկոսի ժողովուրդին, իսկ գերակշիռ մասը հասաւ Հալէպ` տրամադրուելու կարիքաւոր հայ եւ արաբ սուրիացիներուն:

Մարդասիրական օժանդակութիւնը ստանձնեց  Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսը, ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի կեդրոնական մարմինին մաս կազմող հայ երեք կազմակերպութիւններու, ՀԲԸՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի ներկայացուցիչներուն:

Օժանդակութիւնները յանձնուեցան շտապ օգնութեան Հալէպի Գործադիր մարմինին:

Օժանդակութիւնները կը պարունակէին հետեւեալ տեսականիները.

Ա) Հանդերձանք

Բ) Սննդամթերք

Գ) Ծխախոտ

Այդ տեսականիները սակայն չէին համընկներ քանակով: Այս իսկ պատճառով Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինը` օժանդակութիւնը հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն հասցնելու հրամայականէն մեկնած, ինչպէս նաեւ անոր տեսակի եւ քանակի այլազանութիւնը նկատի առած նախ որոշեց օժանդակութեան յատկացուելիք հասցէներն ու տեսակները, ապա իր կազմին կողքին աշխատանքի հրաւիրեց կամաւոր 15 հայ երիտասարդներ, որոնք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, տասը օրերու տեւողութեան տքնաջան աշխատանքով նախ մանրամասն տուեալներով ցանկագրեցին օժանդակութեան իւրաքանչիւր տեսակի քանակն ու տրամադրելի կողմերը: Ապա կազմեցին այլազան տեսականիներ պարունակող զամբիւղներ:

Սոյն աշխատանքի աւարտէն ետք, Գործադիր մարմինը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն ժողովուրդը հրաւիրեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահ` ստանալու պատրաստուած զամբիւղները` հետեւեալ թուականներուն.

– Երկուշաբթի, 17, երեքշաբթի 18 եւ չորեքշաբթի, 19 Հոկտեմբերին (Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինէն եւ ՀԲԸՄ-էն տագնապի ընթացքին օգտուող ընտանիքները):

– Հինգշաբթի, 20 եւ ուրբաթ 21 հոկտեմբերին (Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինէն եւ ՀԲԸՄ-էն տագնապի ընթացքին չօգտուող ընտանիքները):

Տեղին է նշել, որ օժանդակութեան բաշխումի առաջին երեք օրերուն օժանդակութեան զամբիւղներ ստացան 2728 ընտանիքներ:

Բաշխումը կը շարունակուի յայտարարուած ժամանակացոյցին համաձայն:

Նախորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հանդիպումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Սուրիոյ Խորհրդարանի Նիստին Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Դրոշմաթուղթ Հրապարակելու Դիմում Ներկայացուց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.