Կիրակի, 23 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնատեղի այցելեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Վահան եպս. Յովհաննէսեանը` ընկերակցութեամբ քաղաքական հարցերու իր խորհրդական Արթիւր Խանճեանի:
Վահան եպս. Յովհաննէսեան ՀՄԸՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու հետ: Հանդիպումին ներկայ եղան Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի նստավայրի անդամները` Գառնիկ Մկրտիչեան, Րաֆֆի Կէվօղլանեան, Վաչէ Նաճարեան, Իշխան Եղիայեան եւ Եւրոպայի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Պահարեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս Եւրոպայի հայութեան առնչուած հարցեր, տրուած ըլլալով, որ ՀՄԸՄ-ը մեծ աշխատանք կը տանի Միջին Արեւելքի տագնապահար երկիրներէն Եւրոպա ապաստանած հայորդիներու համախմբման եւ կազմակերպման մէջ: Վերջին տարիներուն ՀՄԸՄ-ի նոր մասնաճիւղեր ստեղծուած են Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Շուէտի տարածքին, ուր Հայաստանեայց եկեղեցին ունի կառոյց եւ գործունէութիւն:
ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան եւ ապագայ ծրագիրներուն ծանօթանալէ ետք, Վահան եպս. Յովհաննէսեան իր կարգին խօսեցաւ Եւրոպայի տարածքին եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքներուն մասին եւ ողջունեց ազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին` ՀՄԸՄ-ին հետ գործակցութեան ամէն տրամադրութիւն:
Հանդիպումին աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան Վահան եպս. Յովհաննէսեանը պատուեց յուշանուէրով մը:
Շաբաթավերջին` ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 9-րդ Խորհրդաժողովը Նիկոսիոյ Մէջ
Այս շաբաթավերջին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցին 9-րդ միջդիւանական խորհրդաժողովը, որ պիտի քննարկէ միութեան վարչական, սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներուն ընթացքը եւ միութիւնը պիտի նախապատրաստէ Համա-ՀՄԸՄ-ական յառաջիկայ խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 2017-ի յուլիսին, Հայաստան: Խորհրդաժողովը պիտի մշակէ նաեւ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն նախնական ծրագիրը եւ քարոզչական, ցանցային համակարգին ընդհանուր պատկերացումը:
Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 105 մասնաճիւղերը համախմբող 7 շրջանային վարչութիւններու եւ 17 մեկուսի վարչութիւններու ներկայացուցիչները: