Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Րաֆֆի Մանտալեանի Ճազի Մենահամերգը` Հայկականութեան Եւ Իւրայատուկ Յօրինումներու Յաջողած Միաձուլում

October 24, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

img_1719

Տպաւորիչ ու խոստմնալից է ճազ երաժշտութեան հարթակի նշանաւոր կիթառահար, լիբանանահայ տաղանդաւոր արուեստագէտ Րաֆֆի Մանտալեանի ներկայութիւնը բեմին վրայ, յուշող, որ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահը լեցուցած արուեստասէրներուն լաւ երեկոյ մը կը սպասէ, որովհետեւ «Պորտըրլենտ» խորագիրը կրող մենահամերգին երգացանկն ու Մանտալեանին ընկերակցող արուեստագէտներուն անուանացանկը արդէն կը ստեղծէր այն տպաւորութիւնը, որ մեծ եւ մանրակրկիտ աշխատանք տարուած է, գեղեցիկ ընտրութիւն կատարուած է եւ ոչինչ խնայուած է, որպէսզի ձեռնարկը ոչինչով զիջի իր արժէքէն ու իսկական վայելք պարգեւելու իր հանգամանքէն:
img_1692

Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին այս բոլորը իսկապէս փաստուեցան. Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հովանաւորութիւնը կրող, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, պաշտօնական այլ հիւրերու եւ մեծաթիւ արուեստասէրներու ներկայութեամբ յատկանշուած այս մենահամերգը իր ամբողջութեան մէջ ճազ երաժշտութեան ճամբով հայկական երգերուն թափանցելու, նաեւ` հայկական երգերը ճազ երաժշտութեան բովէն անցընելու ուրոյն առիթ հանդիսացաւ:
22 հոկտեմբերին կայացած մենահամերգին սկիզբը արտասանած իր խօսքին մէջ Րաֆֆի Մանտալեան ներկաները ողջունելէ եւ իրենց նեցուկ կանգնողներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսաւ, որ իր նպատակը եղած է իր արմատներէն, ինքնութենէն բխող հայկականութեան երաժշտութիւնը ներկայացնել իր ծննդավայրին մէջ: Զգալի էր Րաֆֆի Մանտալեանի կառչածութիւնը իր արմատներուն, նաեւ իր միտումը` այդ զգացումը գործնականի վերածելու, երաժշտութեամբ դրսեւորելու եւ օտարներուն ներկայացնելու: Յաջողեցաւ երիտասարդ արուեստագէտը, որովհետեւ հայկական երաժշտական աշխարհին մէջ իրենց իւրայատկութիւնը ունեցող երգեր` «Քելէ, քելէ», «Հարս եմ գնում», «Հանաներ», «Շողեր ջան», «Տլէ եաման» հայ եւ օտար հանրութեան ներկայացուց իր կողմէ վերամշակուած այնպիսի երաժշտական նրբութիւններով եւ կշռոյթով, որ հայկականը դարձած է միջազգային մակարդակով ալ ընկալելի` արուեստի վայելք ու երաժշտական բարձր հաճոյք պատճառող: Նուազ տպաւորիչ չէին Րաֆֆի Մանտալեանի կողմէ յօրինուած «Արշալոյսը», «Կանչ արմատներուն» եւ «Մի չա չա» կտորները, որոնք եւս արժանացան արուեստասէրներու գնահատանքին, անոնց բուռն ու երկար ծափողջոյններուն:
img_1704

Րաֆֆի Մանտալեանի կողքին էին եւ այս երեկոյի յաջողութեան մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցան հետեւեալ երաժիշտները` Հայաստանէն եկած տուտուկահար Նորայր Քարթաշեան եւ փողահար Երուանդ Մարգարեան, Զուիցերիայէն` երգչուհի Հուրի Աբարթեան, այս մենահամերգին դաշնակահար ու Մանտալեանի ներշնչման աղբիւր հանդիսացող Արթիւր Սաթեան, թաւկիթառահար Ֆիլիփ Տիպ, հարուածային գործիքներու վրայ Խալիլ Եասին, թմբուկի վրայ Ֆուատ Աֆրա եւ սաքսոֆոնի վրայ Թոմաս Հոռնիք:
Մենահամերգին լուսաւորումը, թեքնիք բաժինը, երգերուն ընկերակցող նկարներու շարքը եւս յաւելեալ ազդեցութիւն տուին երեկոյին:
«Պորտըրլենտ» մենահամերգով Րաֆֆի Մանտալեան անունը հայկական ճազի աշխարհին մէջ եկաւ իր ըսելիքը ունենալու, ներդրումը փաստելու, ներկայութիւնը հաստատելու եւ յուշելու, որ փայլուն ապագայ կը սպասէ Մանտալեանի ու անոր տաղանդին հաւատացող արուեստասէրներուն:

 

Նախորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մեծ Ընտանիքը Արժանաւորապէս Նշեց Գիւտ Խաչի Տօնը

Յաջորդը

Պարոյր Սեւակի Մահուան 45-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` «Անլռելի, Անկրկնելի Պարոյր Սեւակ» Խորագիրով

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.