Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու 8-րդ Համահայկական Համաժողովը Շարունակեց Իր Աշխատանքները, Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ Եւ Եռաբլուր

Հոկտեմբեր 22, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

lrakrogh-3_102116

21 հոկտեմբերին Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը շարունակեց աշխատանքները «Սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը Հայաստանի պետականաշինութեան մէջ» բնաբանը կրող նիստով:

«Սփիւռքի ուծացման ու ձուլման հոլովոյթը» զեկուցումով հանդէս եկաւ Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ անդրադարձաւ տարբեր ժամանակաշրջաններու սփիւռքի գաղութներուն մէջ ուծացման հոլովոյթի պատճառներուն եւ հետեւանքներուն, նշեց այն ուղիներն ու միջոցները, որոնցմով կարելի է պայքարիլ այդ երեւոյթին դէմ:

Ռուսիոյ «Ժամ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Գիվարգիզեան ներկայացուց Ռուսիոյ մէջ հայապահպանութեան ուղղուած ծրագիրները, իրականացուող աշխատանքները եւ այդ առումով լրատուամիջոցներուն դերակատարութիւնը:

Օտար միջավայրի մէջ ազգային եւ մշակութային արժէքներու տարածման առումով հայ պարբերական մամուլի դերին անդրադարձաւ Իրանի «Համայնք» լրատուական ցանցի պատասխանատու Ռուբիկ Սարդարեան:

«Հայաստանի դիւանագիտութիւնը, սփիւռքեան կառոյցները, համագործակցութեան ուղիները եւ համշէնահայերը» նիւթով համապարփակ զեկուցում ներկայացուց Ռուսիոյ «Հայկական տեղեկատուական կենտրոն» կայքի թղթակից Սաիդա Օհանեան:

donig_102116Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրներէն Տօնիկ Տօնապետեան անդրադարձաւ Հայաստանի պետականաշինութեան գործին մէջ սփիւռքի ներուժի ներգրաւման հարցին, նշեց այն գործիքները, որոնց կիրարկումով առաւել արդիւնաւէտ կը դառնայ այդ ներուժի համախմբումն ու ուղղորդումը: Ան կարեւոր նկատեց սփիւռքի ներուժի լիովին եւ արդիւնաւէտ կերպով օգտագործման համար համապատասխան շօշափելի քայլերու որդեգրումը:

Ֆրանսայի «Լուսաւոր Աւետիս» կայքի թղթակից Տիգրան Փաշաբեզեան ներկայացուց «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք` 25-ամեայ համագործակցութեան հանրագումարները,  հետագայ աշխատանքները, Մերձաւոր Արեւելքի եւ յարակից շրջանին մէջ առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ» զեկուցումը:

Յաջորդ նիստին տեղի ունեցաւ «Տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները արտակարգ իրավիճակներու մէջ» քննարկումը, որուն մասնակցեցան ոլորտի յառաջատար փորձագէտները, եւ որուն համակարգողն էր լրատուական փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան:

Հանրային ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Արման Սաղաթելեան եւ «Ռազմինֆօ» կայքի համակարգող Կարէն Վրթանեսեան կարեւոր նկատեցին ժամանակակից աշխարհին մէջ ձայնասփիւռին դերը` իբրեւ յուսալի տեղեկատուութեան աղբիւր, լրատուամիջոցներու փորձագէտ Միքայէլ Եալանուզեան անդրադարձ կատարեց պատերազմական իրավիճակին մէջ լրագրողներուն գործունէութեան ազատութիւններուն եւ սահմանափակումներուն, ազրպէյճանական մամուլի փորձագէտ Անժելա Էլիբեկովան անդրադարձաւ ազրպէյճանական մամուլի ստայօդ քարոզչութեան ու կեղծարարութեան հակադարձելու մեքանիզմներուն եւ ուղիներուն:

Այնուհետեւ կայացաւ «Հեռուստատեսութեան, ռատիոյի եւ ելեկտրոնային մամուլի համագործակցութեան հեռանկարները» նիւթով չորրորդ նիստը:

Յունաստանի «Նոր Աշխարհ» թերթի խմբագիր Զաւէն Գրիգորեան ելոյթ ունեցաւ «Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-րդ տարեդարձի առիթով. հայրենի հողը, հայրենիքը եւ պետականութիւնը» նիւթով:

Հանրային հեռուստաընկերութեան 2013-2016 թուականներու գործունէութիւնը եւ իրականացուող բարեփոխումները համապարփակ կերպով ներկայացուց Հանրային հեռուստաընկերութեան արտաքին կապերու պատասխանատու  Էրիկ Անթառանեան:

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի թղթակից Սիլվա Գարավարդանեան անդրադարձաւ Լրատուական համահայկական գործելաոճի հիմնահարցերուն:

Ուքրանիոյ «Հայկական տեղեկատու» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Արտեմ Գարայեան հանգամանօրէն ներկայացուց սփիւռքեան կառոյցներուն հետ համագործակցութեան իրենց փորձը:

«Արեւելք» կայքի լրատուական փորձառութիւնը հալէպահայերուն դիմագրաւած տագնապներուն մասին նիւթով զեկուցեց «Արեւելք» լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Սագօ Արեան:

Արժանթինի «Նոր դարաշրջան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Էտուարտօ Նեսթրօ Պալեան խօսեցաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայաստանը առաւել ճանաչելի դարձնելու,  հայ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը պատշաճօրէն ներկայացնելու հարցին մասին:

Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային կայքի լրագրող Կարինէ Աւագեան անդրադարձաւ լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած  լեզուական սխալներուն եւ կոչ ուղղեց առաւել հետեւողական ըլլալու հայոց լեզուի հարստութիւնն ու ճկունութիւնը ըստ արժանւոյն գործածելու մէջ:

Ամփոփելով համաժողովի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բաժինը, նիստավար Համբիկ Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան, նախարար Հրանուշ Յակոբեանին սփիւռքի լրատուամիջոցներուն նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան, սերտ համագործակցութեան եւ նմանօրինակ համաժողովները կեանքի կոչելու համար:

lrakrogh-2_102116

Նոյն օրը համաժողովին մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին առջեւ, ապա շրջագայեցան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:

Այնուհետեւ անոնք այցելութիւն տուին Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին արցախեան հերոսամարտին, ապրիլեան պատերազմին զոհուած հայորդիներուն յիշատակին` խոնարհելով անոնց շիրիմներուն դիմաց:

Նշենք, որ համաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Նախորդը

Սուրիոյ Խորհրդարանի Նիստին Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Դրոշմաթուղթ Հրապարակելու Դիմում Ներկայացուց

Յաջորդը

Մարդկային Իրաւանց Դէտ» Ալիեւի Վարչակազմին Դէմ Պատժամիջոցներ Որդեգրելու Կոչ Կ՛ուղղէ

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?