Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Այցելեցին Արցախ

Հոկտեմբեր 25, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

pago-_osce-102416

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ապակառուցողական դիրքորոշման` խախտելով զինադադարի դրութիւնը եւ չհրաժարելով հայատեաց քաղաքականութենէն:

Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է զինադադարի դրութեան պահպանման ու խախտումներու բացայայտման վերաբերող մեքանիզմներու մշակման անհրաժեշտութիւնը` զայն նկատելով խաղաղ հոլովոյթի առանցքային բաղադրիչներէն մէկը:

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է ֆրանսացի պաշտօնաթող համանախագահ Փիեռ Անտրիոյին` ազնիւ ու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար եւ անոր մաղթած է յաջողութիւններ կեանքին ու հետագայ գործունէութեան մէջ:

Նախագահին հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտարարած է, որ նախագահին հետ նոր առաջարկներ չեն ներկայացուած, այլ արդէն իսկ սեղանի վրայ եղածներու քննարկումը կատարուած է: Անոր համաձայն, 24 հոկտեմբերին Պաքուի մէջ արդէն խօսուած է այս մասին, իսկ Ստեփանակերտի մէջ  եւս մանրամասն անդրադարձ կատարուած է տիրող վիճակին եւ զինուորական իրադրութեան:

Ըստ Փոփովի, Բակօ Սահակեան ներկայացուցած է տեղի ունեցած եւ սպասուող փոփոխութիւնները:

Լրագրող մը հարցուցած է այս օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած ներթափանցման փորձին մասին. Փոփով դիտել տուած է, որ պաշտպանութեան նախարարին հետ հանդիպման ընթացքին այդ հարցերը պիտի քննարկուին:

Խօսելով շփման գիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու թիւին յաւելման մասին` Փոփով դիտել տուած է, որ հարցը տակաւին մշակման փուլի մէջ է: Անդրադառնալով 14 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կատարած այն յայտարարութեան, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ Թուրքիան կրնայ դրական դեր ունենալ, ռուս համանախագահը դիտել տուած է. «Կը կարծեմ, թէ Լաւրով նկատի ունեցած է 2009-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած արձանագրութիւնները, որոնք վաւերացնելու եւ փակ սահմանները վերաբանալու պարագային կրնան դրական ազդեցութիւն ունենալ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վրայ»:

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Մէջ Թեհրանի Միջնորդութեան Հարցը Օրակարգի Վրայ Չէ» Կ՛ըսէ Քասեմի

Յաջորդը

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովի Մասնակիցներուն Ուղղելով Իր Խօսքը` «Դուք Մեծ Ուժ Էք, Ձեր Գործունէութեամբ Մեզի Վստահութիւն Եւ Եռանդ Կու Տաք» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?