Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Պաշտօնապէս Զօրակցութիւն Յայտնեց Զօր. Աունի Թեկնածութեան. Զօր. Աուն. «Համաձայնեցանք Միասնաբար Վերջ Տալ Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապին»

October 21, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_dt_102016

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն համեմատութիւնը երէկ բարձրացաւ, երբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս զօրակցութիւն յայտնեց անոր թեկնածութեան:

Նախագահական ընտրութեան սառած իրավիճակէն երկիրը դուրս բերելու առումով, Հարիրիի քայլը ոմանց մեկնաբանութեամբ ողջունելի էր եւ ուրիշներու մեկնաբանութեամբ` երկիրը դէպի յաւելեալ վտանգներու ենթարկելու ոստում մը:

Հարիրիի կողմէ զօր. Աունի թեկնածութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը ամբողջ Մուսթաքպալ պլոքին չէր վերաբերեր, որովհետեւ անոր անդամ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեցին, որ իրենք Հարիրիին նեցուկ կը կանգնին, սակայն զօր. Աունի ի նպաստ չեն փափաքիր քուէարկել` իրենց համոզումներէն մեկնելով: Իր կարգին,  խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ ինք կը նախընտրէ ձեռնպահ մնալ:

Երկրին մէջ տիրող դրական մթնոլորտին կողքին զգացուած այս ժխտական թրթիռները սակայն չեն կրնար ժխտել, թէ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը թեւակոխած է բաւական լուրջ հանգրուան:

Գրեթէ տարի մը առաջ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցած Մուսթաքպալի ղեկավարը, երէկ որդեգրեց զօր. Աունի թեկնածութիւնը, ինչ որ շաբաթներ առաջ իր սկսած նախաձեռնութեան բնական շարունակութիւնն է:

Շուրջ երկուքուկէս տարուան նախագահական աթոռի թափուր դրութիւնը 10 օրէն կրնայ վերջ գտնել, եթէ 31 հոկտեմբեր 2016-ին, նախագահական ընտրութեան 46-րդ նիստին կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հարիրի անդրադարձաւ անցնող երկուքուկէս տարուան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն եւ քաղաքացիական պատերազմին` յստակօրէն բացատրելով այն պատճառները, որոնք զինք մղած են դիմելու այս քայլին:

«Նկատի ունենալով զօր. Աունի հետ գոյացած համաձայնութիւնը` կը յայտարարեմ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան զօրակցելու իմ որոշումս: Այս որոշումը Լիբանանը, լիբանանեան պետութիւնն ու լիբանանցիները պաշտպանելու անհրաժեշտութենէն կը բխի: Այս համաձայնութիւնը առիթ մըն է ամրապնդելու լիբանանեան պետութիւնը եւ երկիրը զերծ կացուցելու Սուրիոյ պատերազմէն: Պատրաստ եմ իմ անձս, ժողովրդականութիւնս եւ քաղաքական ապագաս զոհելու ի խնդիր հայրենիքիս պաշտպանութեան` հիմնուելով Մուսթաքպալ հոսանքի «Նա՛խ Լիբանան» կարգախօսին վրայ», շեշտեց Հարիրի:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսէն բացակայեցան Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ամմար Հուրի, Մոհամետ Քապպանի, Մույին Մերեհպի եւ Նաամէ Թոհմէ: Իսկ երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ, Ամին Ուեհպէ եւ Ռիատ Ռահհալ հաստատեցին, որ իրենք զօր. Աունը պիտի չընտրեն:

Զօր. Աուն Կ՛այցելէ Հարիրիի

hariri_aoun_102016

Զօր. Աունի թեկնածութեան զօրակցութիւն յայտնելէն շուրջ կէս ժամ ետք, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավարը ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութ, ուր դիմաւորուեցաւ Հարիրիի կողմէ:

Ապա տեղի ունեցաւ կարճ հանդիպում մը Հարիրիի, զօր. Աունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ Նատեր Հարիրիի միջեւ:

Այդ հանդիպումէն ետք Պասիլ եւ Նատեր Հարիրի դուրս եկան հանդիպումէն եւ Սաատ Հարիրիի ու զօր. Աունի միջեւ դռնփակ հանդիպումը տեւեց շուրջ մէկ ժամ:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ երկխօսութեան պարագային ոչ ոք պարտուած դուրս կու գայ, այլ` յաղթական, որովհետեւ ազգային երկխօսութիւնը բոլորին համար օգտակար է:

Ան նշեց, որ իր եւ Հարիրիի միջեւ երկխօսութիւնը կրցած է լուծել հարցը` Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն ի խնդիր:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի Ազգային ուխտը բոլոր քրիստոնեաներուն եւ բոլոր իսլամներուն համերաշխութիւնը եւ ազգային գոյակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ հաւասարութիւնը ճշդող փաստաթուղթ մըն է: «Այսինքն` Ազգային ուխտը կը վերաբերի բոլորին եւ ոչ միայն երկու կողմերու, կամ զոյգ քաղաքական ուժերու», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հարիրիին` աւելցնելով, որ իրենք համաձայնած են միասնաբար վերջ տալու Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին:

Ան մաղթեց, որ կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել եւ երկրին տնտեսութիւնը զարգացնել:

Անդրադառնալով իր թեկնածութեան դէմ յանկարծ ընդդիմացող կողմերուն` զօր. Աուն ըսաւ. «Առանց մեր աշխատանքը իմանալու ընդդիմացող կողմերէն կը խնդրեմ արագ որոշումներ չտալ եւ մեր կատարելիք աշխատանքին հիման վրայ կեցուածքներ որդեգրել»:

Զօր. Աունը ճամբելէ ետք, Հարիրի այցելեց իր հօր` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն, ինչպէս նաեւ նահատակ Ուիսամ Հասանի դամբարանները:

Պըրրիի Մօտ

berri_aoun_102016

Հարիրիի կատարած իր այցելութենէն ետք զօր. Աուն ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է Պըրրին տեղեկացնել նախագահական ընտրութեան զարգացումներուն մասին` աւելցնելով, որ հանդիպումին մթնոլորտը եղած է բարեկամական եւ ոչ ոք ճիգ թափած է միւսին ազատութիւնը կաշկանդելու: Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` զօր. Աուն ըսաւ. «Նախագահական ընտրութեան առումով մենք անշուշտ Պըրրիի զօրակցութիւնը կը խնդրենք, սակայն մենք կը յարգենք անոր որոշումին ազատութիւնը»:

Իր կարգին, Պըրրի յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին երկուքը իրարու լսած են` աւելցնելով, որ տարակարծութիւնը մտերմութիւններ չի քանդեր:

ՆՇԵՆՔ, որ արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ գիշեր յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն երկիրը իրանեան ծրագիրներուն ենթակայ դարձնել: Իսկ կէս գիշերին Թրիփոլիի մէջ ի յայտ եկան «Աշրաֆ Ռիֆիի բարեկամներ» ստորագրութիւնը կրող պաստառներ, որոնք կը կրէին հետեւեալ գրութիւնները. «Թրիփոլի կը մերժէ իրանեան հոգատարութեան թեկնածուն» եւ «Մեր նահատակներուն արժանապատուութիւնը աթոռէն աւելի թանկագին է»:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Արդիւնաւէտ Նիստ Մը` Վաւերացնելով 160 Կէտեր

Յաջորդը

«Տարբեր Երկիրներու Բարձրաստիճան Պաշտօնատարները Իրենց Աջակցութիւնը Կ՛առաջարկեն Մինսքի Խմբակի Գործունէութեան» Կ՛ըսէ Քասփրչիք

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.