Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Գեղանկարիչ Արթիւր Ք.-ի «Ոսկեղէն Տուներ» Ցուցահանդէսին Բացումը

October 21, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

img_0201

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, երէկ` հինգշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Արթիւր Ք.-ի (Յարութիւն Նիկոլեան) «Ոսկեղէն տուներ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որուն ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, արուեստագէտներ եւ արուեստասէր հասարակութիւն մը:

img_0210

Կազմակերպուած ցուցահանդէսին առիթով խօսք առաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» սրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ նշելով գեղանկարիչ Արթիւր Ք.-ի իւրայատկութիւնները ըսաւ. «Արթիւրին մէջ կան այնպիսի արժանիքներ, որոնք իր  ստեղծագործութիւնները կը դարձնեն շատ գեղեցիկ ու մանաւանդ մարդկային: Այսօր Արթիւրին շնորհած գոյներով, գեղեցկութիւններով, արտայայտութիւններով եւ յատկապէս այն տուներով, որոնք կը յատկանշեն Լիբանանի տարբեր շրջանները, բնականաբար պիտի ապրինք մշակոյթի բերկրանքի անհուն պահ մը»:

Յ. Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին գեղանկարիչին մաղթեց առողջութիւն, անոր ստեղծագործական երթին մէջ սահուն ընթացք եւ անսպառ վրձին հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, որ միշտ աջակից ու քաջալերող հանդիսացած է Համազգայինի թէ՛ հրատարակչական, թէ՛ ցուցասրահի աշխատանքներուն:

img_0224

Խօսք առաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ակնարկելով Արթիւր Ք.-ի գործերուն ըսաւ. «Համախմբուած ենք ըմբոշխնելու լիբանանահայ տաղանդաւոր գեղանկարիչի մը ստեղծագործութիւններուն գեղեցկութիւնն ու հմայքը, որոնք հոգեկան խոր ապրումներու եւ զգացումներու արտայայտութիւններ են, եւ հոգեկան վայելք պարգեւող գործեր»: Ան գնահատելու եւ շնորհակալ ըլլալու կարեւորութեան անդրադարձաւ այն արուեստագէտներուն, որոնք հայու անունը եւ հայ արուեստը նախանձելի մակարդակներու կը բարձրացնեն:

Գերապայծառ Ասատուրեան դիտել տուաւ, թէ ո՛ւր ալ գտնուած է հայը, սիրուած ու յարգուած է շնորհիւ իր մշակոյթին եւ արուեստի գործերուն: «Արուեստագէտները հայկական մշակոյթի առաքեալներն են, մշակոյթ, որուն ազնուագոյն ճաշակը կը կրեն անոնց հոգին ու խիղճը, ըսաւ ան, ապա աւելցուց, որ Արթիւրի հոգիին մէջ կը գտնենք գեղեցկութեան, հայրենասիրութեան, ազգային ինքնութեան զգացումներ, որոնցմով կը վարակուին արուեստի սիրահարները»: Վերջապէս գերապայծառը եզրափակեց իր խօսքը յարատեւութիւն ու կորով մաղթելով թէ՛ Համազգայինին եւ թէ՛ գեղանկարիչին:

img_0249Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ գեղանկարիչ Արթիւր Ք.: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ հպարտ է հայութեան պատկանելուն համար` իբրեւ, մեծ մշակոյթի տէր ազգ, նոյնպէս հպարտ է իր լիբանանցի ըլլալով, որովհետեւ Լիբանան երկու Նոպելեան մրցանակակիր տուած երկիր է: Ան յայտնեց ներկաներուն, թէ իր «Ոսկեղէն տուներ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին պատկերները կը ներկայացնեն լիբանանեան հին, իսկական ժամանակներու ոսկեղէն տուները, որոնք իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ կը վերականգնեն, կը վերացոլացնեն Լիբանանի հրաշալի օրերուն կրակը: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեան համար:

Ներկայացուած էին 31 արուեստի գեղեցկագոյն ստեղծագործութիւններ, որոնք կը յատկանշուին իրենց պայծառ ու վառ գոյներով: Հաւաքածոյին մէջ մութ պատկերներուն մէջ նշմարելի էին լոյսի ճաճանչներ, որոնք յոյսի զգացողութիւն կու տային նկարները վայելողին: Գեղանկարները ընդհանրապէս կը յիշեցնեն Լիբանանի փառքի օրերը եւ մութ օրերու մէջ երեւցող յոյսը:

img_0268

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 5 նոյեմբեր 2016, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

 

Նախորդը

Հանդիպում` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութիւններուն Հետ

Յաջորդը

Սկսաւ «Հայոց Պետականութիւնը` Միասնութեան Առանցք» Խորագիրը Կրող Լրագրողներու 8-րդ Համահայկական Համաժողովը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 13, 2026
Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.