Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

December 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգը կ՛արտացոլէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկկողմ ձեւաւորուած եւ խորացող գործընկերութեան բովանդակութիւնը` հիմնուած ընդհանուր արժէքներու ու փոխադարձ շահերու վրայ», ընդգծեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` արձագանգելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախանցեալ օրուան յայտարարութեան:

«Ան կ՛արտացոլէ ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներու եւրոպական ձգտումները, այլեւ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային-տնտեսական դիմակայունութեան աջակցելու Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը: Ակնյայտ է, որ սա ինքնին միայն կը նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ուղղուած հետագայ ջանքերուն», յայտարարած է բանբերը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին պատասխանելով:

Անի Բադալեան աւելցուցած է, որ «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգը, որուն շուրջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմ բանակցութիւնները, ի դէպ, սկզբունքօրէն աւարտած էին դեռ յունիսին, կը ներառէ նաեւ ապագայի վերաբերեալ մեր ընդհանուր տեսլականը, որուն մէջ կ՛արտացոլայ նաեւ շրջանին մէջ կայունութիւնը, բարեկեցութիւնը եւ խաղաղութիւնը ամրապնդելու ընդհանուր յանձնառութիւնը»:

Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատած է իր ամուր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման եւ հաստատութենականացման, կ՛ընդգծէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նախորդը

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Դեկտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում,  Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար  Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում, Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.