Ռուսիոյ ծովուժի ընդհանուր հրամանատար ծով. Ալեքսանտր Մոյսէեւ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան հիւսիսային բեւեռին մէջ հաւանական զինուորական բախումի մը կը պատրաստուին»:
«Ուաշինկթընն ու ՕԹԱՆ-ի դաշինքը հիւսիսային բեւեռին մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը կ՛ամրապնդեն, եւ մարզումի համեմատութիւնը 40 առ հարիւրի բարձրացաւ», նշեց ծովակալը:
«Ռուսական հիւլէական ռազմավարական ուժերու մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացաւ 100 առ հարիւրի», ըսաւ ան:


